2012-12-22 14:11:36

Աւելի Քան 4.000 Զուիցերացիներ Դիմաւորած Են Բեթղեհէմէն Եկած Վառուած Կանթեղը։


''Լոյս եւ խաղաղութիւն'' ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ` 16 դեկտեմբերին, ծովու ճամբով Զիւրիխ հասաւ, Բեթղեհէմէն եկած վառուած կանթեղը։
Ներկաները լոյսը իրարու հաղորդեցին մոմավառութեան միջոցաւ։ Վառուած կանթեղը յառաջիկայ օրերուն պիտի տարուի Զուիցերիոյ 200 վայրեր։ Նշենք որ Բեթղեհէմէն վառուած կանթեղի աւանդութիւնը սկիզբ առաւ Աւստրիայի մէջ 1986-ին, անոր նպատակը մղել մարդիկը սատարելու երկխօսութեան ու խաղաղութեան անոնց ընծայելով մարդկային ջերմութիւն եւ ուրախութիւն։ Այս տօնը 20 տարիէ ի վեր կը կատարուի Զուիցերիոյ ու այլ 30 երկիրներու մէջ իսկ կը կատարուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.