2012-12-21 11:40:14

Ս. Երկիրի Մէջ Ականներու Փոխարէն Հարկաւոր Է Տնկել Այգետունկեր։


''Խաղաղութեան արմատներ'' կոչուած կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ` տիկին Հէյտի Խուն վերջերս այցելութիւն կատարած է Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան ու ներկայացուցած է իր ծրագիրը ս. Երկրին մէջ փոխառինելու ականները` այգետունկերով, նոր սլացք մը տալու համար երկրի տնտեսութեան, մասնաւորապէս Կոլանի, Յորդանանի տարածքին, Բեթղեհէմի ու Հուսանի շրջաններուն մէջ։
''Խաղաղութեան այս նախաձեռնութեամբ մեր սիրտը կը հրճուի եւ մեր հողը կրկին կը դառնայ կեանքի եւ ոչ թէ մահուան վայր'' յայտարարած է Երուսաղէմի տեղապահը` գերապայծառ Ուլիամ Շոմալի։
Նշենք որ Ս. Երկիրն մէջ կան 1.5 միլիոն ականներ որ արգելք կը հանդիսան աւելի քան 50 հազար հեկդար բերրի հողի մշակոյթին։ Ականահանումի աշխատանքը կարելի եղաւ շնորհիւ ամերկացի բարերաներու եւ իսրայէլեան ու պաղեստինեան իշախնութիւններու արտօնութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.