2012-12-20 13:28:28

Քրիստոնեաները Թշնամիի Գործակալ Կը Նկատուին Թուրքիոյ Մէջ


«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ «Օփըն Տորզ» («Բաց դռներ») կոչուած կազմակերպութեան վերջին տեղեկագիրը կը նշէ, որ աշխարհի վրայ 100 միլիոն քրիստոնեաներ կ՛ապրին վտանգի տակ, որովհետեւ անոնք կ՛ապրին քրիստոնեաներու նկատմամբ թշնամական զգացումներ սնուցանող երկիրներու մէջ: Այս առնչութեամբ կը յիշուին անունները 50 երկիրներու, եւ ցանկին վրայ 31-րդ տեղը կը գրաւէ Թուրքիան:
Տեղեկագիրին մէջ դիտել կը տրուի, որ Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեաներուն կը նայուի իբրեւ «թշնամիներու գործակալներ»: Իսկ քրիստոնեաներուն համար ամէնէն վստահելի երկիրն է դաշնակցային Քիւրտիստանը, որ կը գտնուի Իրաքի մէջ: Միայն թէ հոս ալ այն քրիստոնեաները, որոնք ապաստան կը գտնեն, դէմ յանդիման կը մնան քրտերէն չգիտնալու դժուարութեան հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.