2012-12-20 14:14:52

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Վաւերացուց Գաղդէացիներու Պատրիարք Կարդինալ Էմանուէլ Գ Տէլլիի Հրաժարականը։


Չորեքշաբթի 19 դեկտեմբեր 2012-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը վաւերացուց Գաղդէացի եկեղեցւոյ Պապիլոնի Պատրիարք` Կարդինալ Էմանուէլ Գ. Տելլիի հրաժարականը ու յառաջիկայ 28 յունուար 2013-ին Հռոմի մէջ ժողովի կանչեց Գաղդէացիներու եպիսկոպոսական սիւնհոդը ընտրելու համար անոր յաջորդը ու այդ նիստի նախագահ նշանակեց Արեւելեան Ժողովի Կառավարիչ Կարդինալ Լէօնարտօ Սանտրին։ Գաղդէական եկեղեցւոյ կանոնի համաձայն, մինչեւ նոր Պատրիարքի ընտրութիւնը, Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը կը ստանձնէ գերապայծառ Ժագ Իսհագը։

Կարդինալ Էմանուէլ Տէլլին ծնած է Մոսուլի Թէլքայիֆ շրջանը` 6 հոկտեմբեր 1927-ին։ Իր աստուածաբանական ուսմունքը կատարած է Ուրպանեան համալասրանի մէջ ուր եւ քահանայ ձեռնադրուեցաւ 21 դեկտեմբեր 1952-ին։ 7 դեկտեմբեր 1962-ին կ՛ընտրուի Պատրիարքական փոխանորդ եւ 3 դեկտեմբեր 2003-ին Հռոմի մէջ գումարուած սիւնհոդոսի ընթացքին կ՛ընտրուի Գաղդէացի եկեղեցւոյ Պատրիարք` մինչ 24 նոյեմբեր 2007-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը Անոր կը շնորհէ կարդինալական աստիճանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.