2012-12-20 13:25:03

Նորոգութեան Նոր Աշխատանքներ Աղթամարի Մէջ


Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շուրջբոլորը վերանորոգելու երկրորդ աշխատանք մը պիտի սկսի յառաջիկայ Ապրիլին (կը հաղորդէ Թրքական «Աքշամ» թերթը)։ Վերանորոգութեան աշխատանքը պիտի տեւէ վեց ամիս, որուն ընթացքին յատուկ ծեփերով ու կրաղիւսով պիտի ամրապնդուին վանքի ու մատուռի այն բաժինները, որոնք երեւան հանուեցան նախորդ պեղումներուն ընթաքին։ Նորոգութեան աշխատանքը պիտի արժէ մօտաւորապէս 1.2 միլիոն լիրա (մօտաւորապէս 670,000 տոլար)։ Նորոգութենէն ետք կղզիին չորս կողմը պիտի զետեղուին ապահովութեան համար տեսախցիկներ։
Թերթը կը յիշեցնէ, որ Աղթամարը )անշուշտ՝ գործածելով Ագտամար անունը) մասնաւոր կարեւորութիւն կը ներկայացնէ հայերուն համար, եւ որ եկեղեցին, վերանորոգուելէ ետք, իբրեւ թանգարան բացուեցաւ Մարտ 29, 2007ին եւ ապա արտօնուեցաւ, որ հայերը տարին մէկ անգամ արարողութիւն կատարեն հոն:
Յիշեցնենք, որ առաջին պատարագը մատուցուեցաւ Սեպտեմբեր 19, 2010ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.