2012-12-20 13:12:24

«Օգնի՛ր Եղբօրդ» Նախաձեռնութիւնը Այժմ Սուրիահայերուն Կ՛օգնէ Գումար Յատկացնելով


Սուրիահայերուն օգնելու նպատակով ստեղծուած «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ տարբեր բարերարներէ, անհատներէ եւ կազմակերպութիւններէ նուիրուած է 41 միլիոն դրամ, 750 հազար ռուսական ռուբլի եւ շուրջ 31 միլիոն դրամի սննդամթերք: Այս մասին 19 դեկտեմբերին «Ուրբաթ» մամուլի ակումբին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ նախաձեռնութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան: Սուրիահայ մանուկներուն համար տարեվերջին պիտի կազմակերպուին տարեմուտի հանդէսներ եւ անոնց պիտի տրուին ամանորեան նուէրներ:
Մամլոյ ասուլիսին միւս մասնակիցը` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքը բաւական աշխուժ ձեւով, սակայն որոշ շեշտադրումներ ստիպուած են փոխել: Նախաձեռնութիւնը այս պահուն նպատակայարմար կը գտնէ գումարով օգնել սուրիահայերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.