2012-12-19 11:59:05

Շառլ Ազնաւուրի Յորդորը Չինաստանի Հայերուն


Երբեք չկտրուիլ հայկական արմատներէն
Չինաստան- Հայազգի մեծանուն երգիչ Շառլ Ազնաւուր, վերջերս Չինաստան այցելած է, (ֆրանքոֆոնիայի ծիրէն ներս կայացած Չինաստանի մէջ ֆրանսերէն լեզուի տարուան փակման առիթով) եւ այս առթիւ Հայաստանի դեսպանատան մէջ, 13 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած է՝ հայազգի երգիչին հանդիպումը Փեքին բնակող հայութեան հետ. (կը հաղորդէ ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակը): նշելով որ հանդիպումին շուրջ 60 հայերու հետ միասին ներկայ գտնուած են նաեւ Համաշխարհային մտաւոր խաղերուն մասնակցելու նպատակով Չինաստան գտնուող անուանի հայ շախմատիստներ՝ Լեւոն Արոնեան եւ Էլինա Դանիէլեան: Ողջունելով ներկաները՝ Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան, Շարլ Ազնաւուրին պատմած է Փեքինի մէջ բնակող փոքրաթիւ հայ համայնքին մասին, որմէ ետք ներկաները բազմաթիւ հարցումներ ուղղած են իրենց մեծանուն հայրենակցին:
Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Շառլ Ազնաւուրը ներկայացուցած է իր կեանքէն որոշ դրուագներ եւ պատմած տարբեր ժամանակներու մէջ յայտնի մարդոց հետ ունեցած հանդիպումներու մասին: Կարեւորելով հայապահպանման խնդիրները` ան յորդորած է երիտասարդները երբեք չկտրուիլ իրենց արմատներէն: «Ատիկա ուժ եւ կորով կու տայ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ յայտնուած հայերուն` դիմագրաւելու որեւէ դժուարութիւն», – ըսած է Շառլ Ազնաւուր:








All the contents on this site are copyrighted ©.