2012-12-19 15:13:03

''Խաղաղութեան Կարիքը Ունեցող Աշխարհի Մէջ Պէտք Է Պայքարինք Թշուառութեան դէմ '' Կ՛ըսէ Կարդինալ Սարան։


Վատիկանի Գոր Ունում - Մէկ Սիրտ - բարեսիրական մարմնի նախագահ` կարդինալ Րոպէր Սարայ Ինչու աղքատութիւն թեմայի մասին, Ռատիվատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, յայտարարած է թէ ''Խաղաղութեան կարիքը ունեցող աշխարհի մը մէջ հարկ է պայքարիլ թշուառութեան դէմ ''։
Յայտնենք որ Գոր Ունում մարմինը Գարիթասի միջոցաւ օժանդակութիւններ կ՛ուղարկէ աշխարհի զանազան վայրերու աղքատութենէ տառապող բնակչութեան եւ բնական աղէտներու զոհերուն։

՜՜Թէ ինչո՞ւ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունի աղքատութիւնը՝՝ հարցումին, Կարդինալ Սարան մատնանշած է թէ այս իրողութեան պատճառը մարդն է եւ թէ ան հետեւանքն է մարդէն ստեղծուած պայմաններուն, ինչպէս պատերազմը որ աղքատութիւն կը յառաջացնէ։
Եթէ ստեղծենք անարդար միջավայր մը, ինչպէս տնտեսական կազմակերպութիւն մը որ միայն հարուստներուն շահ ապահովէ, աղքատութիւն կը յառաջացնենք։ Արդ աղքատութիւնը մարդկային իրողութիւն մըն է - ըսած է կարդինալ Սարան - ու ապա մէջբերած է իր անձնական փորձառութիւնը հաստատելով որ աղքատ երկիրներու բնակիչները շատ անգամ աւելի երջանիկ են եւ աւելի վստահութիւն ունին կեանքին վրայ, եւ աւելի ուրախ են քան հարուստ երկիրներու մէջ ապրողները։
Հարկ է պայքարիլ թշուառութեան դէմ - հաստատած է Ան - աղքատութիւնը եւ թշուառութիւնը իրարմէ տարբեր իրողութիւններ են ու մենք պէտք է աշխատինք այս վերջինին դէմ պայքարելու համար, որովհետեւ աղքատութիւնը, այսինքն հարկ եղած պահանջներուն ձգտիլը, դրական իր դերն ալ ունի։ Կրօնաւորներս ալ աղքատութեան ուխտ կ՛ընենք։ Թշուառութիւնը սակայն, այսինքն տեղ, տուն, ուտեստեղէն ու աշխատանք չունենալը, կը նուաստացնէ մարդ արարածը ու անոր արժանաւորութիւնը։Արդ` Հարկ է աշխատիլ արմատախիլ ընելու համար Թշուառութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.