2012-12-17 14:08:34

Փորթուկալի Գարիթասին Շնորհուեցաւ 2012-ի Մարդկային Իրաւունքներու Մրցանակը։


Փորթուկալի Ազգային Ժողովը գարիթասին շնորհեց 2012-ի մարդկային իրաւունքներու մրցանակը ''մարդկային արժանաւորութեան ի խնդիր'' տածած աշխատանքին համար։ Այդ մրցանակով Փորթուկալի ազգային ժողովը գարիթասը` կաթողիկէ եկեղեցւոյ բարեսիրական մարմինը, կը ճանչնայ որպէս մարդկային արժանաւորութեան մշտատեւ պաշտպան։ Փորթուկալի գարիթասի նախագահը` տիար ֆոնսեքա ազգային ժողովականներուն ներկայութեամբ ընդունելով մրցանակը ըսաւ ''Գարիթասը ուրախութեամբ կ'ընդունի մրցանակը յանուն Եկեղեցւոյ զանազան մարմիններու կողմէ մատուցած ծառայութիւններուն մարդկային իրաւունքի ու ընկերային իրաւունքներու ի սպաս։''








All the contents on this site are copyrighted ©.