2012-12-17 14:33:11

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Մահմուտ Ապպասը։


Երկուշաբթի 17 դեկտեմբերի առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասեանեկի մէջ ընդունեց Պաղեստինեան Իշխանութեան Նախագահ Մահմուտ Ապպասը որ ապա հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի հետ ու Վատիկանի արտգործ նախարար գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիի հետ։
Սուրբ Սթոռի մամլոյ գրասեանեկի յայտարարութեամբ` հանդիպումներու ընթացքին մատնանշուեցաւ Մակի մօտ վերջերս քուերակուած որոշումին որով Պաղեստինը ճանչցուած է որպէս Մակի ոչ անդամ դէտ Պետութիւն։ Յոյս յատնուած է որ այս քայլը քաջալերէ միջազգային հասարակութիւնը արդար եւ մնայուն լուծում մը գտնելու Իսրայել - Պաղեստինեան հակամարտութեան որ կարելի է միայն երկու կողմերու միջեւ բանակցութիւններու հաստատումով ու յարգելով բոլորին իրաւունքերը։ Հանդիպումներու ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ շրջանի դժուար կացութեան մասին մաղթանք յայտնելով որ շուտով խաղաղութիւնը հաստատուի ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Քրիստոնեայ հասարակութիւններու կատարած կարեւոր դերի մասին Պաղեստինեան հողերու ու ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.