2012-12-17 12:33:39

Մամլոյ Ասուլիս՝ Ուրբաթագիրքի 500-ամեակի Նուիրուած Ցուցահանդէսին Առթիւ Զմմառու Մէջ։


Լիբանան։ Զմմառու վանքին մէջ Շաբաթ 15 դեկտեմբերի առաւօտեան, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը Ուրբաթագիրքի 500 ամեակի նուիրուած ցուցահանդէսին եւ անոր հետ առընչուած ցուցակին հրատարակութեան առիթով: Ասուլիսին լուսարձակի տակ առնուեցան վանքի մշակութային նորաստեղծ կեդրոնը, Մաշտոցի անուան Մատենադարանի եւ Զմմառու Մատենադարանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը եւ Միաբանութեան նոր կայքէջին ներկայուցումն ու կարեւորութիւնը: Հանդիպման առաջին զեկոյցը կատարեց հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով վանքի մեծաւոր գերյ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. ՜՜ Զմմառու վանքը դարերու պատմութիւն ու մշակոյթ ունի, կը հանդիսանայ աշխարհիս հայ մշակոյթի հինգերորդ կեդրոնը իր ձեռագիրներով: Իսկ պատմականօրէն Լիբանանի մէջ արմատ նետած առաջին հայ հաստատութիւնն է: Անոր յարկին տակ կը պահպանուին 2000 ձեռագրեր և հայ հնատիպ գիրքեր, որոնց թիւը 335-էն բարձրացաւ 900-ի: Ժամանակի արհաւիրքները սպառնացին մեր այս հայ մշակութային արժէքներուն, որոնք արտացոլացումն են Հայոց փառաւոր անցեալի ոգիին ու նկարագրին: Սակայն Զմմառու միաբանները անոնց պաշտպան կանգնեցան, ի գին իրենց արեան:
Նշենք նաեւ թէ՝ Ուրբաթագիրքին 500 ամեակը լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ ընդունելու երկու մեծանուն հիւրեր, որոնք կը նկատենք Աստուծոյ օրհնութիւնը մեր վանքին վրայ: Նախ՝ Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը անցեալ սեպտեմբերին, ապա ՀՀ Նախագահ Պրն. Սերժ Սարգսեանի պատմական այցը անցեալ նոյեմբերին:
Ապա Զմմառու վանքին ընդհանուր քարտուղար եւ մշակութային կեդրոնի տնօրէնը՝ Հ. Մովսէս վրդ. Տօնանեան զեկուցեց հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով.
Ան ըսաւ. ՜՜Զմմառու վանքի մշակութային կեդրոնը այսօր իր մէջ կ'ամփոփէ մատենադարան, գրադարան եւ թանգարան:
Մշակոյթի այս նոր Կեդրոնը կ'ունենայ Մշակութային օժանդակ մարմին մը:
Այս մարմինը ծրագիրներ պիտի մշակէ եւ համագործակցի հայ թէ օտար աշխարհի համանման հիմնարկներու հետ, եւ այսպէս՝ պիտի սատարէ հայ մշակոյթի տարածման և զարգացման:
Այս ուղղութեամբ՝ համաձայնութիւն կնքուեցաւ Հայաստանի Մաշտոցեան Մատենադարանի Ձեռագրատան բաժնի տնօրէնին հետ, յատկապէս որպէսզի
Զմմառու ցուցակագրուած, բայց չնկարագրուած բոլոր ձեռագիրները կանոնաւորապէս նկարագրուին և ամբողջական նոր Ցուցակով հրատարակուին՝՝:
Ապա ցուցահանդէսին կազմակերպութեան մասին զեկուցեց արաբերէնով Օր. Օտիլ Խուրի, որ մասնակցած է սոյն ձեռնարկին նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Ան այս առթիւ ներկայացուց հրատարակուած ցուցակը, որուն մէջ անդրադարձաւ Զմմառու վանքի ձեռագիրներուն և հնատիպ գիրքերուն մասին:
Աւարտին խօսք առաւ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէնը՝ Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան եւվանքին նոր կայքէջին մասին, մանրամասն ներկայացնելով կայքէջի բաժանումները, որոնք սկզբնական շրջանին միայն հայերէնով պիտի ըլլան, ապա լոյս տեսնեն արաբերէն և անգլերէն լեզուներով: Կայքէջին հասցէն է՝ «www.bzommarvank.com», որուն մօտ օրէն պիտի աւելնան երկու ուրիշ հասցէներ՝ «bzommar.org» եւ «bzommarvank.org»: Հետեւեալ կայքէջին մէջ կարելի պիտի ըլլայ գտնել աղօթքներ, վանքի լուրեր, թանգարանի եւ մշակութային կեդրոնի հետ առնչուած նիւթեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.