2012-12-17 14:04:27

Թուիթթէր. Սրբազան Քահանայապետի Կայքը Գերազանցեց 2 Միլիոն Հետեւորդները։


Անցեալ 3 դեկտեմբերին բացուած Սրբազան Քահանայապետի Թուիթթէրի կայքը գերազանցած է 2 միլիոն հետեւորդները։ Կայքը կը հրատարակուի
եօթը լեզուներով` Սպաներէն, Իտալերէն, Փորթուկերէն , Գերմաներէն , Լեհերէն , Արաբերէն եւ ֆրանսերէն։2 միլիոն հետեւորդներու 60 առ հարիւրը անգլիական բաժնի կը պատկանին, երկրորդ տեղի կը գրաւեն սպաներէն լեզուի հետեւորդները 22 առ հարիւրով ապա իտալերէնի հետեւորդները 10 առ հարիւրով, վերջին տեղը կը գրաւեն լեհերէնն ու արաբերէն լեզուներու հետեւորդները 1 առ հարիւրով։ Նորին Սրբութիւնը այս իր ''թուիթէերի'' կայքի ընդմէջէն շաբաթական հերթականութեամբ խորհրդածութիւններ կը ներակայցանէ Նոր Աւետարանացումի եւ Հաւատքի մասին:
Քահանայապետական ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու խորհուրդի նախագահ գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Զելլին վերոյիշեալ նիւթին մասին արտայայտուելով ըսած է ''ես կը կարծեմ որ ''թուային'' աշխարհը միմիայն հաղորդակցութեան միջոց մը չէ այլ դարձած է նաեւ հաղորդակցութեան միջավայր որուն մէջ կ՛ապրի այսօրուայ մարդը։ Սրբազան Քահանայապետի իղձն է ըլլալ հոն ուր է այսօրուայ մարդը ու անոր մօտիկ ըլլալ ճշմարտութեան խօսքերով''։








All the contents on this site are copyrighted ©.