2012-12-17 12:19:29

Երեսփոխան Վալերի Պուայէ Կ՛ուզէ Ֆրանսայի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Մասին Օրէնքը Պաշտպանել։


Ֆրանսացի երեսփոխան, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հեղինակ Վալերի Պուայէ 2001-ի Ֆրանսայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնքը պաշտպանելու նպատակով Ֆրանսայի խորհրդարանին ներկայացուցած է երեք բնագիրներ:
«Այդ բոլոր երեք բնագիրները, ըստ իս, յոյս կը ներշնչեն յաջող ելքին այդ գործին, որուն նպատակը, ես կ՛ուզեմ անգամ մը եւս յիշեցնել, պէտք է արձագանգ գտնէ իւրաքանչիւր ֆրանսացիի սրտին մէջ, իբրեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կոչ: Այդ պատճառով ալ ես պաշտօնապէս խորհրդարանի նախագահ Քլոտ Պարթոլոնիէն կը խնդրեմ կարճ ժամկէտի մէջ խորհրդարանի օրակարգին վրայ ընդգրկել այդ երեք բնագիրները, որոնք որեւէ տեսակի քաղաքական տարակարծութիւններու, կուսակցական պատկանելիութեան եւ մեծամասնութեան կամ ընդդիմութեան որեւէ դիրքորոշման սահմաններէն դուրս են»:
Եզրափակելով, Վալերի Պուայէն նշած է, որ 2001-ի օրէնքը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ճամբուն վրայ վճռական դերակատարութիւն ունէր: «Այս օրինագիծերը ուղղուած են քրէական օրէնքներու եւ 2001-ի օրէնքի պաշտպանութեան համաձայնեցման: Ֆրանսան պէտք չէ կէս ճամբուն կանգ առնէ» (ընդգծած է Պուայէ):








All the contents on this site are copyrighted ©.