2012-12-16 12:48:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հովուական Այցելութիւնը Հռոմի ''Սան Բաթրիցիօ - Ալ Քոլլէ Բրէնէսթինօյի'' Ժողովրդապետութեան։


Կիրակի 16 դեկտեմբերի առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն մը կատարեց Հռոմի արուարձաններու 8րդ վարչական շրջանի մէջ գտնուող ''Սան Բաթրիցիօ - Ալ Քոլլէ Բրէնէսթինօյի'' ժողովրդապետութեան։ Սան Բաթրիցիօյի եկեղեցւոյ օծումը կատարուած է 18 մարտ 2007-ին կարդինալ Րուինիի նախագահութեամբ։Շրջանը ունի 7 հազար բնակչութիւն։

Նորին Սրբութիւնը վատիկանէն մեկնեցաւ ժամը 9-ին ու Սան Բաթրիցիօ - Ալ Քոլլէ Փրէնէսթինօ ժամանեց 9,30-ին ուր զինք դիմաւորեցին Հռոմի Թեմի տեղապահ արքեպիսկոպոսը Կարդինալ Ակոսդինօ Վալլինին, անոր օգնական եպիսկոպոսը գերապայծառ Ճուզեփփէ Մարզանդէ եւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Հայր ֆապիօ ֆաշիանին ինչպէս նաեւ ժողովրդապետութեան հասարակութեան անդամներ ու երիտասարդ մի քանի զոյքեր ։

Ժամը 10-ին Սրբազան Հայրը գլխաւորեց Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն սկիզբը Հայր ֆապիօ ֆաշիանին բարի գալուստի խօսք մը արտասանեց։

Արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն փոխանցեց աւուր պատշաճի խօսքը որուն մէջ անդրադարձաւ Սուրբ Ծննդեան տօնին ու յիսնակաց շրջանի իմաստի մասին մէջբերելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն հատուածներ ու բացատրելով անոնց իմաստը մասնաւորապէս խօսքը կեդրոնալցնելով Յովհաննէս Մկրտիչի վրայ։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան հայրը ի մէջ այլոց ըսաւ ''Աստուած մարդեղացաւ որպէսզի մեզի շնորհէ յոյս մը որ հաստատուն է։ Եթէ Անոր հետեւինք ու հետեւողականութեամբ ապրինք մեր քրիստոնեայ կեանքը, Ան մեզի դէպի իրեն պիրի քաշէ ու մեզ պիտի առաջնորդէ իր հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու։ Մեր սրտին մէջ իսկական երջանկութիւն ու խաղաղութիւն պիտի հաստատուի, նոյնիսկ դժուարութիւններու ընթացքին եւ տկարութեան պահերուն մէջ։

Սրբազան Քահանայապտը հուսկ գոհունակութիւն յայտնեց ժողովրդապետութեան մէջ տարուած գործունէութեան ի տես, ու Հաւատոյ տարուան մատնանշելով ըսելով որ ''պէտք է դառնայ առիթ` ամրապնդելու եւ աճեցնելու քրիստոնեայ վարդապետութիւնը, որպէսզի բոլոր ''թաղամասը'' կարելիութիւն ունենայ ճանչնալու Եկեղեցւոյ Հաւատամքը եւ հանդիպելու Տիրոջ ։ Նորին սրբութիւնը հուսկ յատուկ խօսք մը ուղղեց ընտանիքներուն մաղթելով որ լիութեամբ ապրին իրենց սիրոյ կոչումը ու ապա երիտասարդներուն ըսաւ. ''Եղէք Նոր աւետարանութեան դերակատարներ, տրամադրելով ձեր ոգեւրութիւնն ու կարողութիւնները ի սպաս Աստուծոյ եւ ուրիշներուն։'' Ապա յորդորելով հաւատացեալները ապաշխարութեան հայցեց ''աւետարանող'' Սուրբ Բադրիցիոյի բարեխօսութիւնը եւ Աստուածամօր հովանին որ - եզրափակեց Սրբազան Հայրը - ''լռութեան ու աղօթքի մէջ սպասեց փրկչին ծնունդը''։ Ամէն

Սրբազան արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը հակիրճ հանդիպում ունեցաւ ժողովրդապետութեան ծերունիներուն ու հիւանդներուն հետ ու ապա ներականերէն հրաժեշտ առնելով վերադարցաւ Վատիկան` ուր կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտսանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.