2012-12-16 09:18:23

Հալէպի Փողոցներուն Մէջ "Տաք Ճաշ" Կը Բաժնուի Բնակիչներուն։


Բերիոյ Թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ այս օրերուն Հալէպի մէջ կացութիւնը հանդարտ է, կրակոցներու եւ պայթումներու ձայներ չեն լսուիր։ Անոր համաձայն, 14 Դեկտեմբերին արձանագրուած յատկանշական երեւոյթ էր այն, որ բարեսիրական կազմակերպութիւններ քաղաքի փողոցներուն մէջ մեծ կաթսաներով տաք ճաշ կը պատրաստէին ու կը բաժնէին հալէպցիներուն։
Նման ողջունելի քայլի ձեռնարկած է նաեւ Սուրիոյ Օգնութեան Միութիւնը, որ շաբաթը անգամ մը տաք ճաշ պիտի տրամադրէ շրջանի հայերուն։ Ռէյիսեան նաեւ յայտնած է, որ մշակուած է հալէպահայութեան ձրի հաց տրամադրելու ծրագիր մը՝ աւելցնելով, որ սուրիական բանակը 13 եւ 14 Դեկտեմբերին Հալէպի քանի մը հրապարակներուն վրայ հաց բաժնած է ժողովուրդին։
Ժիրայր Ռէյիսեան անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ սահմանակից Իտլէպի շրջանի Եագուպիէ հայկական գիւղին մէջ տիրող իրավիճակին՝ նշելով, որ ան երկար ժամանակ բախումային թէժ շրջան եղած էր, նախքան Հալէպի մէջ հակակառավարական բախումներու սկսումը:
Ան դիտել տուած է, որ այդ հանգամանքը նկատի ունենալով, ապահովական պատճառներով մեծ թիւով հայեր գիւղէն հեռացած են։ Ներկայիս Եագուպիէի մէջ հիմնականին մէջ կան տղամարդիկ եւ տարեցներ, իսկ վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, գիւղը ընդդիմադիրներու հսկողութեան տակ կը գտնուի:
Ռէյիսեան նշած է, որ պաշտօնական տուեալներ չկան այն մասին, որ զինեալները գրաւած են հայկական Ս. Աննա Եկեղեցւոյ պատկանող նորկառոյց շինութիւնը եւ շրջակայ տարածքները։ Ան յայտնած է, որ հեռաձայնային կապի չգոյութեան պատճառով հաստատ տեղեկութիւններ կարելի չէ ստանալ այդ մասին։ Ռէյիսեան փորձած է կապ հաստատել տեղւոյն քահանային հետ, որպէսզի Եագուպիէի մէջ տիրող կացութեան մասին մանրամասն ու հաւաստի լուրեր ստանայ, սակայն չէ յաջողած։








All the contents on this site are copyrighted ©.