2012-12-16 09:18:14

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքի Աթոռի ՝ Հինգ Թեկնածուները։


Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունուար 23-25ին: 14 Դեկտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Բաբգէն Ծ. վրդ. Անոյշեանը, որ Երուսաղէմի պատրիարքական թեկնածուներէն մէկն է: Թեկնածուներու շարքին են նաեւ Արիս արք. Շիրվանեանը, Վիգէն արք. Այքազեանը, Նուրհան արք. Մանուկեանը, եւ Խաժակ արք. Պարսամեանը:
Անոր համաձայն, պատրիարքը կ՛ընտրեն համագումարին անդամները, որոնք թիւով 34 են:
Բաբգէն Անոյշեան Վարդապետը դիտել տուած է, որ ինք որպէս թեկնածու հանդէս պիտի գայ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան հոգեւոր վերածնունդի օգտին, պիտի առաջարկէ վերանորոգել պատրիարքութեան պատկանող վանքերը եւ միւս շինութիւնները:
Նշենք, որ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեանը վախճանեցաւ 12 Հոկտեմբերին՝ 93 տարեկան հասակին: Անոր վախճանումէն ետք Միաբանական ընդհանուր ժողովը պատրիարքի փոխանորդ ընտրած է Արիս արք. Շիրվանեանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.