2012-12-15 12:20:12

Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետի Խոր կսկիծը՝ Նիւթովն-ի մէջ Պատահած Սարսափելի Ոճրագործութեան Համար։Միացեալ Նահանգներու մէջ Սուգի 4 Օրեր Յայտարարուեցաւ։


՝՝Սրտի խոր ցաւ,Մօտիկութիւն եւ Աղօթք՝ ողբերգութեան զոհերու ընտանիքներուն համար , անիմաստ կոտորած մը որ տեղի ունեցաւ Քոննէթթիքըթի մէկ նախակրթարանին մէջ, յորում իրենց ծաղիկ հասակին սպաննուեցան 20 փոքրեր եւ 7 չափահասներ։ ՝ ։ Սրբազան Հօր այս զգացումները կ՝արտայայտէ պատգամի մը մէջ Պետական Քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ։
Միւս կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա 4 օրուայ սուգ յայտարարեց երկրէն ներս։ Միացեալ Նահանգներու եւ Արտասահմանի մէջ հաւատարմագրուած ամերիկեան պետական բոլոր հաստատութիւնները կէսի կ՝իջեցնեն դրօշները ի նշան սուգի։ Իր ունեցած ելոյթի ընթացքին Ամերիկայի Նախագահը չյաջողեցաւ զսպել իր յուզմունքը եւ արցունքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.