2012-12-15 12:50:24

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Շնորհակալական Նամակը Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին։


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը 13 դեկտեմբերին, նամակ մը ստացաւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ պրն. Սերժ Սարգսեանէն։ Նամակին մէջ, հայրենի նախագահը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ 27 նոյեմբերին Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ, հանդիսաւոր ընդունելութեան համար։ Նախագահ Սարգսեան նամակին մէջ կը նշէ նաեւ որ ՜՜ հայ կաթողիկէ Եկեղեցին հաւատարիմ կը մնայ իր ազգային սրբազան առաքելութեան՝ հայապահպանումին սփիւռքի տարածքին՝՝։ Ան բարձր կը գնահատէ Լիբանանի հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան վսեմ առաքելութիւնը, պահպանելու եւ փոխանցելու հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգուած արժէքները, մասնայատուկ անդրադառնալով Զմմառու հնադարեան պատմական ու ազգային արժէքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.