2012-12-15 12:48:23

Կլոր Սեղան Կրօններու Երկխօսութեան Մասին։


Հինգշաբթի, 13 դեկտեմբերի՝ երեկոյեան, տեղի ունեցաւ «Կրօններու երկխօսութենէն հրապարակին պատասխանատուութիւնը խորագրով հանդիպումը, կազմակերպութեամբ «Առանց սահմանի հաւատացեալներ» խմբակին, Պէյրութի հայ կաթողիկէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մասնակցութեամբ բոլոր համայնքներէն՝ հոգեւոր եւ աշխարհական անձնաւորութիւններու։ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գերյ. Հ. Գէորգ Ծ.Վ. Եղիայեան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ կրօնապետներու մեծագոյն դերին վրայ հանրային կարծիքը ուղղելու համար, եւ աւելցուց թէ անոնք Աստուծոյ պաշտպանները չեն, այլ՝ պարզ առաքեալներ որոնք կը քարոզեն Աստուծոյ Խօսքը։
Յոյն կաթողիկէ առաջնորդ՝ Սալիմ Պուսթրոս եպիսկոպոսը իր կարգին, շեշտը դրաւ այն կէտերուն վրայ, որոնք կը միացնեն իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնները, ապրելու համար համակեցութեամբ եւ սիրով։
Հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած միջամտութիւնները կեդրոնացան ՜՜երկխօսութեան եւ փոխադարձ յարգանքի պարտաւորութիւններուն՝՝ շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.