2012-12-14 12:00:30

Միջին Արեւելքի Յատուկ Առաքելական Յորդորին Մասին Մամլոյ Հանդիպում։


Պէյրութի մարոնի առաջնորդարանին մէջ, Եշ.13 դեկտեմբերի կէսօրին,տեղի ունեցաւ մամլոյ հանդիպում մը, «Հաղորդութիւն եւ Վկայութիւն» խորագրով, Միջին Արեւելքի յատուկ Առաքելական Յորդորին մասին։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբի նախագահ եւ Պէյրութի թեմի մարոնի առաջնորդը՝ Պուլոս Մաթար, արաբական երկիրներու դեսպաններ, հիւր մտաւորականներ եւ լրագրողներ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ՝ Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան՝ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի լրատուական բաժնի պատասխանատուն։

Այս առթիւ խօսք առաւ Մաթար եպիսկոպոսը, որ հաստատեց թէ տարածաշրջանի մէջ գտնուող կրօնները պէտք է զիրար յարգեն եւ միասնաբար ապրին համակեցութեամբ։ Ան ըսաւ թէ Առաքելական Յորդորը մեզի կոչ կ'ուղղէ շրջանցելու շրջանի դժուար պայմանները, երկխօսութեամբ, սիրոյ ուժով եւ վերադառնալով Աստուծոյ։

Հանդիպումին խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մէջ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ՝ տոքթ. Մոհամմատ Սամմաքը, որ յայտնեց թէ Առաքելական Յորդորը կը հիմնուի կրօնական ազատութիւններու եւ հաւասար քաղաքացիութեան սկզբունքներու վրայ։ Արդարեւ, ան յորդորին ընդմէջէն նշեց, որ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութիւնը հիմնական է կրօններու համաշխարհային երկխօսութեան հաստատման համար։

Վերջապէս խօսք առաւ նոյն յանձնախումբի անդամ Հարէս Շըհապ, որ անդրադարձաւ քրիստոնեաներու իրավիճակին շրջանին մէջ, շեշտելով նոյնպէս երկխօսութեան կարեւորութեան վրայ ներկայ տագնապալի պայմաններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.