2012-12-13 11:34:12

Քրիստոսը Վարկաբեկող Գրութիւններ՝ Երուսաղէմի Մէջ


Յոյն Ուղղափառներու Վանքին Պատին Եւ Հայոց Գերեզմանատան Մուտքի Դրան Վրայ։
Երուսաղէմի մէջ անծանօթներ յոյն ուղղափառներու Ս. Խաչ վանքի պատերուն վրայ եւ հայոց գերեզմանատան մուտքի դրան վրայ հակաքրիստոնէական գրութիւններ ձգած են. կը հաղորդէ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը նշելով որ՝ Ս. Խաչ վանքի վանահայր Քլաւտի յայտնած է, թէ գրութիւնները նկատուած են առաւօտեան: Անծանօթ անձեր պատերուն վրայ գրած են քանի մը կարգախօս, օրինակ` «Մա՛հ քրիստոնէութեան»: Վանահայրը ըսած է որ ՜՜ բարբարոսները արդէն 7-րդ անգամն է, որ պղծած են վանքը՝՝: Բացի ատկէ, անոնք ծակած են վանքին մօտ կանգնած երեք ինքնաշարժներու անիւները եւ ինքնաշարժներուն վրայ գրած. «Երջանիկ Հանուքա» (հրեաները այժմ այդ տօնը կը նշեն) գրութիւնը, ինչպէս նաեւ իսրայէլացի ծայրայեղականներու կոչերը:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բարբարոսները անուանած է անբարոյ մարդիկ: Կ՛ենթադրուի, որ այդ արարքներուն ետին կանգնած են աջ ծայրայեղականներ: Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը դէպքին շուրջ հետաքննութեան սկսած է: Նշենք թէ՝ Իսրայէլի մէջ կը բնակին շուրջ 155 հազար քրիստոնեաներ, որոնք կը կազմեն երկրի բնակչութեան առնուազն երկու առ հարիւրը:









All the contents on this site are copyrighted ©.