2012-12-13 11:43:35

''Սուրիոյ Բարեկամները'' Ընդդիմութիւնը Կը Նկատեն, Երկրի Օրինական Ներկայացուցիչը ։


Մարոքի մէջ, Չորեքշաբթի օրը, 12 Դեկտեմբերին գումարուած «Սուրիոյ բարեկամներ»ու ժողովը, որուն կը մասնակցէին աւելի քան 100 երկիրներէ ներկայացուցիչներ, ճանչցաւ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը, իբրեւ սուրիացի ժողովուրդի օրինական ներկայացուցիչը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա նախօրէին (Երեքշաբթի օրը երեկոյեան) յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն Ազգային համաձայնական մարմինը կը ճանչնայ իբրեւ սուրիացիներու օրինական ներկայացուցիչը, ինչ որ պիտի դիւրացնէ ընդդիմութեան ռազմական օժանդակութիւններ տրամադրելու գործը:
Սակայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով քննադատեց Ուաշինկթընի այս քայլը՝ ըսելով. «որ ասիկա՝ այսինքն Ուաշինկթընի կողմէ սուրիական Ազգային համաձայնական մարմինի ճանաչումը կը հակասէ Ժընեւի համաձայնութեան »:
Միւս կողմէ, պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատրա՞ստ է ճնշում բանեցնելու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վրայ, որպէսզի իշխանութենէն հեռանայ՝ այս հարցումին Ռուսիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետը Ալեքսէյ Փուշքով կրկնեց, թէ Մոսկուայի համար անընդունելի է երկխօսութեան նախապայման դարձնել Ասատի հեռացումը:
Գալով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի, ան ողջունեց «Սուրիոյ բարեկամներ»ու ժողովին որոշումը՝ աւելցնելով, թէ Ֆրանսա անմիջական ծրագիրներ չունի սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու:
Իսկ Սուրիոյ մէջ, մինչ քանի մը ճակատներու վրայ զինեալ բախումները շարունակուեցան, Դամասկոսի Ժարամանա շրջանին մէջ դարձեալ լարուած ական մը պայթած է՝ խլելով զոհ մը եւ 5 վիրաւոր: Աւելի ուշ, Դամասկոսի մէջ, արդարադատութեան պալատին ետին երկու ականներ պայթած են՝ միայն նիւթական վնասներ պատճառելով:
Դամասկոսի Մէջ Իրավիճակը... «Ազդակ»-ի թղթակիցին համաձայն, երէկ առաւօտ Դամասկոսի Ժարամանա արուարձանի մուտքին երկու ինքնաշարժներու մէջ տեղադրուած ականներ պայթեցան, մէկ զոհ եւ չորս վիրաւորներ կան: Իսկ աւելի ուշ, մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ Արդարադատութեան պալատի շէնքի կառատան մէջ երկու պայթուցիկ սարքերու պայթումը պատճառեց նիւթական վնասներ: Ապահովական ուժերը փութացին մայրաքաղաքի կարգ մը ճամբաներու փակման: Իսկ երեկոյեան Քաֆար Սուսէ շրջանին մէջ ներքին գործոց նախարարութեան արտաքին մուտքին արձանագրուեցաւ ականուած ինքնաշարժի պայթում` պատճառելով նիւթական վնասներ. կան զոհեր եւ տասնեակ մը վիրաւորներ: Նշենք, որ մինչ կը շարունակուին բախումները արեւելեան արուարձաններուն մէջ, մերթ ընդ մերթ կը լսուին թնդանօթներու եւ պատերազմական օդանաւերու հարուածներու ձայներ: Իսկ այս առաւօտ, Դամասկոսի հիւսիս-արեւելեան շրջանի մէջ, ականացած ինքնաշարժի պայթումը պատճառած է 16 մեռեալ եւ 25 վիրաւորներ, որոնց մէջ կան նախւ մանուկներ եւ կիներ...













All the contents on this site are copyrighted ©.