2012-12-13 11:24:39

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ընդունեց 6 Նոր Դեսպաններու Հաւատարմագրերը։


Հինգշաբթի 13 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գլեմենթինա Սրահին մէջ ընդունեց` Կինէյայի, Սան Վէնսանի, Նիճէրի, Զամպիայի, Թայլանտյայի եւ Սրի լանքայի Սուրբ Աթոռի մօտ նոր անուանուած դեսպանները, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ։
Սրբազան Հայրը ապա իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Սուրբ Աթոռի մօտ Գանատայի դեսպան` Տիկ Անն Լէհայը հրաժեշտի այցելութեան առթիւ. Հուսկ Փրօֆ Գարլ Անտէրսոնը` Գոլոմպոյի Ասպետներու Աւագ Ասպետ ու ապա Գերապայծառ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէրը, Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչը։

Նոր դեսպաններու ուղղած իր ճառին մէջ, Սրբազան քահանայապետը նախ իր խնդակցութիւնը յայտնեց ու շնորհակալ եղաւ իրեն ուղղուած սիրալիր խօսքերուն համար։ Ան ապա անդրադարձաւ դաստիարակութեան կարեւորութեան վրայ ''աշխարհի մը մէջ որ յեղաշրջումի մէջ է'' եւ ուր ''ընկերային ցանցերը կը փոխարինեն հասարակաց կեանքի բնական տարածքները''։ Ընտանիքն ու Դպրոցը դադրած են ըլլալէ բերրի ու բնական այն առաջին վայրերը ուր երիտասարդները կը ստանան իրենց կենսասնունդը։ Միւս կողմանէ դաստիարակներու իշխանութիւնն ալ վիճարկման ենթարկուած է։ Շատեր կը փափաքին շուտով դիմել յաջողութիեան անտեսելով հմտութիւններու ու փորձառութեան եւ վերապատրաստման պահանջները - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու մէջբերեց Լէւոն ԺԳ քահանայապետի խօսքը ''Մարդու իսկական արժանապատութիւնը ու անոր գերազանցութիւնը կը կայանայ անոր առաքինութիւններու մէջ։ Առաքինութիւնը որ մահկանացուներու ընդհանրական ժառանգութիւնն է, մեծին ու փոքրիկին, աղքատին ու հարուստին''։ Արդ կը հրաւիրեմ ձեր կառավարութիւնները քաջութեամբ նպաստելու մարդկութեան յառաջընթացքին խթանելով նոր սերունդի կրթութիւնը, մարդաբանութեան առողջ գործընթացով որ պարտադիր հիմք մըն է որեւէ հարազատ կրթութեան եւ համանման ընդհանուր բնական ժառանգութեան։
Ուղիղ արժէքներու կրթութեան իրաւունքը պէտք չէ մերժուի կամ մորցուի։ Ու դաստիարակելու պարտականութիւնը երբէք պէտք չէ ընդհատուի որեւէ քաղաքական շահերու ի գին։ Հարկ է ար այդ դաստիարակել ճշմարտութեան մէջ ու ճշմարտութեան համար, յարեց Սրբազան Հայրը հաստատելով որ այսպէսով երիտասարդները այսօր աւելի քան երբէ՛ք պահանջը ունին դաստիարակուելու։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակելէ առաջ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց նաեւ նոր դեսպաններուն ներկայացուցած երկիրներու եպիսկոպոսներուն ու կաթողիկէ հաւատացեալներուն մատնանշելով որ եկեղեցին յանձնառու է ամէն մէկ հասարակութեան կառուցման ու զարգացումին ի սպաս։
Սրբազան Հայրը ապա բոլորին մաղթեց բարի աշխատանք ու ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.