2012-12-12 12:38:54

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան Յանձնախումբի Ընդհանուր Քարտուղարը։


Երեքշաբթի, 11 դեկտեմբերի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղարը՝ դոկտ. Մոհամետ Սամմաք, որ միաժամանակ Արաբական երկխօսութեան յանձնախումբի անդամ է եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին կողմէ հաստատուած՝ Վիեննայի երկխօսութեան կեդրոնի գործադիր վարչութեան քարտուղարը: Վեհափառին հետ ունեցած իր հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ՝ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց յանձնախումբի փոխատենապետ Թենի Փիրի-Սիմոնեան: Այս հանդիպումը առիթ եղաւ ընդհանուր վերատեսութեան ենթարկելու՝ ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը եւ յատկապէս՝ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնն ու գործակցութեան ներկայ հանգրուանը: Արամ Ա. կարեւորութեամբ ընդգծեց քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը վերաշեշտելու հրամայականը` շրջանին մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներուն լոյսին տակ: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Դարեր շարունակ քրիստոնեաներ ու իսլամներ գոյակցած են: Ճիշդ է, երբեմն այդ գոյակցութիւնը զանազան պատճառներու բերումով ենթակայ դարձած է ներքին լարուածութիւններու, սակայն իբրեւ միաստուածեան կրօններ, քրիստոնէութիւն եւ իսլամութիւն հասարակաց արժէքներ ու սկզբունքներ ունին, որոնք հիմքը պէտք է ծառայեն ամուր գործակցութեան ու հասարակաց մօտեցումներու` ներկայ ընկերութիւնը յուզող հարցերուն նկատմամբ»: Դոկտ. Սամմաք մեծապէս գնահատեց վեհափառ հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործօն մասնակցութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, թէ՛ շրջանային եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ: Ան ըսաւ, որ «հայ ժողովուրդի պատմական փորձառութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առումով կրնայ կարեւոր ներդրում մը բերել այս օրերուն մանաւանդ»: Դոկտ. Մոհամետ Սամմաք ապա ճաշի հիւրը եղաւ վեհափառ հայրապետին:








All the contents on this site are copyrighted ©.