2012-12-11 14:09:33

Չինաստանի Կառավարութիւնը Պաշտօնանկ Ըրած Է Գերապայծառ Մա Տագինը։


Չինաստանը կը խստացնէ իր դիրքը կաթողիկէ եկեղեցւոյ հանդէպ ։
Գերապայծառ Մա Տագին` օգնական եպիսկոպոսը Շանկայի թեմին, պաշտօնազուրկ եղած է Չինաստանի ազգային եկեղեցւոյ կողմէ։ Ան, անցեալ 7 յուլիսին Շանկայի մայր եկեղեցւոյ մէջ օծուած էր եւ ծիսակատարութեան աւարտին հրապարակաւ յայտնած է իր կամքը հրաժարելու կաթողիկէ ազգային եկեղեցւոյ ընկերակցութենէն։ Փեքինը, գերապայծառին այս ընթացքէն դժգոհ մնալով՝ պահանջեց Չինաստանի կաթողիկէ ազգային եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասէն, որ պաշտօնազուրկ ընէ նորընտիր եպիսկոպոսը։ Այս կարգադրութեամբ կ'արգիլուի գերապայծառ Մա Տագինին շփում ունենալ հաւատացեալներուն հետ, յառաջիկայ երկու տարիներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.