2012-12-11 11:57:18

Եղբայր Ղազար Պետրոսեանի Սարկաւագական Ձեռնադրութիւնը Զմմառու Մէջ։


Լիբանան-Կիրակի 9 դեկտեմբեր 2012-ին, Զմմառու Տիրամօր վանքին եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան հանդիսաւոր սուրբ Պատարագին ընթացքին կատարուեցաւ եղբայր Ղազար Պետրոսեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը, ձեռամբ արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, եւ առընթերակայութեամբ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի եւ հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեանի։ Ձեռնադրութեան ներկայ գտնուեցան ձեռնադրեալին ընտանիքը, հարազատները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։
Այս առթիւ, գերապայծառ Թէյրուզեան հետեւեալ պատգամը փոխանցեց ներկաներուն.
«Սարկաւագութեան Ձեռնադրութիւնը կը հայի քրիստոնեայ հասարակութեան, Եկեղեցւոյ եւ քեզի, եղբայր Ղազա՛ր, դուն որ այսօր պիտի ընդունիս Սարկաւագութեան կարգը։
Ձեռնադրութեամբ կը դառնաս սարկաւագ եւ կը կանչուիս ծառայելու Քրիստոսի եւ Սուրբ Աւետարանի հոն` ուր որ փրկութեան ծարաւի հայ հաւատացեալներ կը գտնուին։ Մի՛ մոռնար. որ հայ ազգին զաւակն ես, իր հայրենիքով, պատմութեամբ, յատկութիւններով եւ թերութիւններով, տեսլականով եւ սահմանափակ կարողու-թիւններով։ Մի՛ մոռնար. որ զաւակն ես Զմմառեան Պատրիարքական Միաբանութեան եւ կը միանաս քեզ կանխող հարիւրաւոր սրբակեաց միաբաններուն եւ քեզ յաջորդող նոր հունձքերուն, այս սիրասուն նորընծաներուն, որոնք կը պատրաստուին համա-պատասխանելու եւ հետեւելու Յիսուսի հրաւէրին։ Աղօթենք որ մեծ թիւով հոգիներ պատրաստուին նուիրուելու Աւետարանի քարոզչութեան, Հայ ժողովուրդին ու Եկեղեցւոյ մէջ։
Եղբա՛յր Ղազար, ընտրանքդ աստուածային է, վսեմ, նոյնքան ալ դժուար ու վտանգներով շրջապատուած։ Սակայն մի՛ վախնար։ Որովհետեւ Քրիստոս քեզ կանչեց, վստա՛հ որ Ան պիտի օգնէ քեզի որ հաւատարմութեամբ համապատասխանես իր կոչին։ Դուն այսօր ազատ կամքով կ՚անդամակցիս Զմմառեան Պատրիարքական Միաբանութեան եւ կը խոստանաս ծառայել հայ հոգիներուն։ Միաբանութեան եւ հայ ժողովուրդին կը նուիրուիս ու կը զոհես կեանքդ։
Աստուած, պատմութեան ընթացքին հայրաբար սիրեց Զմմառեան Միաբանութիւնն ու Հայ ժողովուրդը։ Դո՛ւն պիտի ըլլայ վկայ եւ նշան աստուածային սիրոյն։
Այսօրուընէ յանձն կ՚առնես կուսակրօն ըլլալ Սուրբ Աւետարանի հոգիին համա-ձայն։ Ինչ որ կը նշանակէ, թէ ամբողջ սրտովդ եւ սիրելու կարողութեամբդ կը նուիրուիս Յիսուսի։ Այո՛, եղբայր Ղազա՛ր, կը հրաժարիս կեանքին ամէնէն գեղեցիկ իրաւունքէդ. կնոջ մը եւ սիրասուն զաւակներու սէրէն։ Դիւրին չէ ընտրանքդ, զոր այսօր կը կատարես գոհունակ սրտով։ Գիտցի՛ր թէ պարտիս ամէն օր, ամէն վայրկեան, ամբողջ կեանքիդ ընթացքին, վերանորոգել այս նուիրումդ։ Միշտ ուրախութեամբ պիտի չկարենաս ապրիլ նուիրումդ։ Ուստի մի՛ մոռնար. Քրիստոսի եւ Աւետարանի համար է այս նուիրումդ եւ նեցուկ ունիս Քրիստոսը, Իր շնորհքները, եւ աղօթքները բազմաթիւ բարեպաշտ հոգիներուն, սկսելով Միաբան եղբայրներէդ, մօրմէդ, հօրմէդ, եղբայրներէդ, որոնք ամէնքը իրենց սրբութեան ուղեւորութեանդ ընթացքին քեզի կ՚ընկերանան։ Հաւատացեալները կը կարօտին հաւատարմութեանդ։
Առանձնութեանդ մէջ, զոր պիտի ապրիս սարկաւագութեան ընթացքին, մի՛ կծկուիր անձիդ մէջ, այլ` դարձի՛ր ուրիշներուն, որպէսզի Քրիստոսի սիրով ընծայ դառնաս անոնց։ Այս անձնազոհութիւնդ պիտի ապրիս Պենտեկոստէի Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ, որ ոգեւորեց եւ սրբացուց Առաքեալները։ Կ՚աղօթենք, որպէսզի Ան իջնէ վրադ եւ սիրտդ ողողէ հոգեպարար ներշնչումներով։ Եղբա՛յր Ղազար, առանց Սուրբ Հոգւոյն գործին առաքեալները պիտի մնային երկջոտ ու թաքնուած աշակերտներ, պիտի չկարենային բան մը ընել։ Աստուծոյ Հոգիին տրամադրուելով ու յանձնուելով Անոր ցուցմունքներուն, կարող ենք կատարել բոլոր առաքելութիւնները, զորս Յիսուս պիտի վստահի մեզի։ Կարեւորը պատկանիլ Քրիստոսի եւ Իրմէ սպասել ամէն տեսակ շնորհք։
Այսօրուընէ կը խոստանաս ամէն օր, Եկեղեցւոյ անունով, աղօթել ժամերգութիւնը։ Եղբա՛յր Ղազար, Սարկաւագը, վարդապետը, եպիսկոպոսը, ըլլալու են աղօթքի մարդ։ Ասոնց առաքելութիւնը միայն աղմկարար ու արտաքին գործեր չեն, որ հարկ եղած արդիւնքը չեն տար եթէ չմիանան Աստուծոյ սիրոյ ծրագրին ու գործին, եթէ չսնանին Քրիստոսի Մարմինէն ու Արիւնէն։
Միշտ յիշենք Քրիստսի խօսքը. «Պետրոս դուն ես Վէմը եւ ես այդ վէմին վրայ կը կառուցանեմ Իմ Եկեղեցիս» (Մատթ 16, 18)։ Յիսուս չըսաւ անոնց, ոչ ալ մեզի. «գացէք եւ կառուցէք Իմ Եկեղեցիս»։ Մեզմէ կը խնդրէ համագործակցութիւն, տրամադրելով մեր քիչն անգամ, հինգ հացերը ու երկու ձուկերը։ Ան մեր քիչով կարող է յագեցնել ծարաւը հազարաւոր հոգիներու։
Քեզի պիտի յանձնեմ Սուրբ Գիրքը, Աստուծոյ խօսքը. հաւատարիմ քարոզիչ եղի՛ր Անոր։ Խնամէ քրիստոնէականի դասերդ եւ քարոզներդ։ Անով հոգիները կը մօտեցնես Քրիստոսի, որպէսզի հանդիպին Անոր, սիրեն Զինք, հետեւին Իրեն եւ նմանին Անոր։ Ասիկա ընելու համար, նախ` դո՛ւն եւ ե՛ս պէտք ենք կարդալ ու խոկալ Սուրբ Գիրքը, որպէսզի մեր հոգիները սնանին ու թրծուին անոր հուրով։
Վերջապէս, Սիրելի՛ եղբայր Ղազար, Սարկաւագութիւնը պիտի ապրիս աստուածային Սիրոյն ծառայելով, Յիսուսի նման բարիք սփռելով շուրջդ։ Ծառայութիւնն ու զգուշութիւնը, զոր մեզմէ կը խնդրուին` ուղղուած են մանուկներուն, այսինքն աղքատներուն, տկարներուն, արհամարհուածներուն, լքուածներուն, հիւանդներուն, անոնց, որոնք մերժուած են ընկերութենէն։ Ղազար եղբայր, ասոնք են մեր քահանա-յութեան պաշարը, որով կը մտնենք երկինք ու մեզի հետ հազարաւորներ կ՚առաջնորդենք դէպի Սուրբ Երրորդութեան սիրտը, ուր Զմմառու Տիրամօր եւ Սուրբերուն հետ պիտի վայելենք աստուածային անհուն սէրը եւ երջանկութիւնը։
Սիրելի՛ եղբայր Ղազար, Քեզ կը յանձնենք Զմմառու Տիրամօր, Անարատ Յղացեալին, որուն տօնը կը տօնակատարենք այսօր, ասոր համար կը յիշենք Անարատ Յղութեան մեր քոյրերու Միաբանութիւնը, որպէսզի ունենայ նորանոր նուիրեալ եւ սուրբ հոգիներ, Եկեղեցւոյ եւ Ազգիս ծառայելու համար։ Ամէն»։
Սուրբ Պատարագի աւարտին, գերապայծառ տէրն ու ձեռնադրեալը ընդունեցին շնորհաւորութիւնները վանքին դահլիճին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.