2012-12-11 14:10:53

Եգիպտոսի Ծայրայեղ Մահմետականները Կը Մեղադրեն Քրիստոնեաները Իրենց Թշնամութեան Համար Նախագահ Մորսիի Դէմ,


Յուսալով ստեղծել վիհ մը մահմետականներու ու քրիստոնեաներու միջեւ։
Հայր Ռաֆիգ Կրէյշ` բանբերը ղպտի կաթողիկէ եկեղեցւոյ, միջազգային մամուլին հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին յայտարարեց որ մահմետական ծայրայեղները կ'աշխատին բաժանում ու հակառակութիւն ստեղծել մահմետական ու քրիստոնեայ հասարակութիւններու միջեւ ամբաստանելով քրիստոնեաներու հակառակութիւնը նախագահ Մորսիի դէմ։ Ան հաստատեց որ ՞Եգիպտոսի կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ բոողոքական եկեղեցիները ոչ մէկ հրահանգ տուած են իրենց հաւատացեալներուն սահմանադրութեան հանրաքուէի ուղղութեամբ, նախատեսուած՝ յառաջիկայ 15 դեկտեմբերին։ Հաւատացեալները այդ ուղղութեամբ ազատ են իրենց նախընտրութիւնը տալու։ Իսլամ մահմետականները կը փորձեն ամբոխին քաղաքական զայրոյթը ուղղել քրիստոնեաներու դէմ։ Յայտնենք որ իսլամ եղբայրնրը իւրացուցած են երկրի բոլոր իշխանութիւնները, տիրացած են տեղեկատուութեան վրայ եւ ոչ ոք կարող է զանոնք դատապարտել։








All the contents on this site are copyrighted ©.