2012-12-11 14:06:51

Գերապայծառ Զիկմունդ Զիմովսքին Սրբազան Քահանայապետին Յատուկ Նուիրակ Նշանակուած Է,


Գլխաւորելու՝ հիւանդի համաշխարհային 21-րդ օրը։
Սրբազան Քահանայապետը նշանակեց գերապայծառ Զիկմունդ Զիմովսքի` նախագահը առողջապահութեան քահանայապետական խորհուրդին, որպէս իր յատուկ նուիրակը մասնակցելու Հիւանդի 21-րդ համաշխարհային օրուան հանդիսութիւններուն, որ տեղի պիտի ունենայ 11 փետրուարին Գերմանիոյ Ակթոդինկ մարեմեան սրբավայրին մէջ։
Նոյնպէս Սրբազան Հայրը նշանակեց կարտինալ ֆերնանտօ ֆիլոնին` կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին, որպէս իր յատուկ նուիրակը գլխաւորելու փետրուար 9-11, Հնդկաստանի Վայլանքաննի Առողջապահութեան Տիրամօր սրբավայրի հիմնարկութեան 50-րդ տարեդարձի եւ Հնդկաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի հաստատման 25-րդ տարեդարձի տօնախմբութիւնները .








All the contents on this site are copyrighted ©.