2012-12-10 10:53:27

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կը Հանդիպի ''Եկեղեցին Ամերիկայի Մէջ'' Համագումարի Մասնակցողներուն։


Կիրակի 9 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 18-ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ ''Եկեղեցին Ամերիկայի մէջ'' խորագրով Վատիկանի մէջ կազմակերպուած միջազգային համագումարի աւելի քան 250 պատգամաւորներուն հետ որ Սուրբ Պետրոսի մէջ մասնակցեցան Համագումարի բացման արարողութեան առթիւ Կարդինալ Ուելլէյի մատուցած Սուրբ պատարագին։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան հայրը շեշտը դրաւ Ամրերիկիոյ ցամաքամասը յուզող բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն վրայ, ինչպէս աշխարհակայնացում, աղքատութիւն, թմրամիջոցներու վաճառականութիւն ու հրաւիրեց հաւատացեալները հաւատարիմ մնալու նոր աւետարանութեան` հիմնուած Քրիստոսի սիրոյ եւ ճշմարտութեան վրայ։

Գաղթականութիւնը, բռնութիւնն ու կաշառակերութիւնը Ամերիկեան ցամաքամասի չարիքներն են - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ընգծելով որ այս հարցերը կը մտահոգեն նաեւ եկեղեցին որ ուշադրութեամբ պէտք է քննարկէ զանոնք։ Ան ապա մատնանշեց թէ ''էական է որ հովութեան գործակատարները մաքրուին ու ամրապնդուին իրենց ներքին կեանքի ապրումով Տիրոջ հետ հաստատելով անկեղծ յարաբերութիւն մը համապատասխանելու համար ''մարդու սրտին ձգտումներուն եւ հարցերուն։''


Իսկ կիրակի օրուայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին Սրբազան հայրը նշել տուաւ որ Սուրբ Ծնունդը միայն արտաքին տօն մը չէ ու ակնարկեց գաղթականութենէ տարապող ու իրենց տուներէն հեռու ապրող անհատներուն, հրաւիրելով հաւատացեալները ''եղբայրական եւ ուրախ զօրակցութիւն'' ցուցաբերելու գաղթականներուն։ Ան ապա մատնանշելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումին ակնարկեց Յովհաննէս Կարապետի տիպար կենցաղին որ ''մեզի կը սորվեցնէ - ըսաւ Սրբազան հայրը - ապրիլ էականը մինչ ընկերութիւնը մեզ կը մղէ ուրախութիւնը փնտռելու ''իրերու մէջ''։ Սուրբ Ծնունդեն տօնը թող ապրուի որպէս Աստուծոյ Զաւկին տօնը որ եկած է մարդ արարծին շնորհելու խաղաղութիւն, կեանք եւ իսկական երջանկութիւն - եզրափակեց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.