2012-12-10 12:25:24

Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Իգնատիոս Հազիմի Յուղարկաւորութիւնը Պէյրութի Մէջ։


Կիրակի 9 դեկտեմբերին, Պէյրութի ՜՜Սուրբ Նիկողայոսի՝՝ անուան եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ յոյն ուղղափառ Եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ Իգնատիոս Հազիմ պատրիարքի յուղարկաւորութիւնը, մասնակցութեամբ՝ Լիբանանի պետական եւ հոգեւոր բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն, որոնց շարքին նաեւ՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամենաոատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը։
Յուղարկաւորութեան ընթացքին, Լիբանանի նախագահը՝ Միշէլ Սլեյման պարգեւատրեց երջանկայիշատակ Հազիմ պատրիարքը պետական բարձր շքանշանով։ Այս առիթով նաեւ կարդացուեցան Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին եւ Ռուսիոյ ուղղափառ Եկեղեցւոյ Քիրիլ պատրիարքին ցաւակցական ուղերձները։
Աւարտին, Հազիմ պատրիարքին մարմինը փոխադրուեցաւ Դամասկոս եւ ուր տեղի կ՝ունենայ թաղման կարգը։








All the contents on this site are copyrighted ©.