2012-12-10 12:36:58

Մարդու Իրաւունքներու Տիեզերական Յայտարութեան 64-րդ Օր. Հռոմի Քաղաքապետարանը կը Մեծարէ Աստուծոյ Ծառայ Հայր Թովմաս Թինին։


Մարդու իրաւունքներու տիեզերական յայտարութեան 64-րդ օրուան տարեդարձին առթիւ, որ ամէն տարի կը յիշատակուի, Հռոմի քաղաքապետարանը ուզած է տօնախմբել Եւրոպայի Միութեան շնորհուած 2012-ի խաղաղութեան նոպելեանի մրցանակը ոգեկոչելով յիշատակը Աստուծոյ ծառայ Տոմենիքեան աստուածաբան հայր Թովմաս Թինին։ Նոյն առթիւ ''Կեանքի ի նպաստ'' շարժումը ''Կալկաթայի Մայր Թերեզայի'' անուան եւրոպական կեանքի ի նպաստ տարեկան մրցնակը շնորհեց.
- Քիարա Գորպելլա Բեդրիլլոյի, որ անցեալ 13 յունիսին, 28 տարեկանին, իր կեանքը զոհեց մերժելով խլիրդի դէմ դարմանումը, փրկելու համար ծնանելիք ֆրանչեսքօ զաւակը։
- ''Հազարամեա խոզկաղնի'' կոչուած կազմակերպութեան, որ կը պաշտպանէ մայրութեան ու նործինները եւ Նոմատէլֆիայի Մամմա Իրէնէյին։
Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 10 դեկտեմբերի առաիօտեան ժամը 10-ին ու սկիզբ առաւ Հռոմի քաղաքապետի ողջոյնի խօսքով։ Մրցանակներու տուչութիւնը կատարեց Միջազգային Համագործակցութեան Իտալացի նախարար` Անտրեա Ռիգարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.