2012-12-10 11:54:25

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Պշարա Ռայի Պատրիարքի Հանդիպումը՝Պքերքէ։


Ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր-ի երեկոյեան, Պքերքէի Մարոնի եկեղեցւոյ Պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Պշարա Ռայի Պատրիարքին միջեւ:
Վեհափառ հայրապետը նախ շնորհաւորեց Ռայի Պատրիարքը իր կարտինալական աստիճան ստանալուն առիթով: Ապա շուրջ ժամ մը, երկու հոգեւոր պետերը խորհրդակցեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին եւ յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ առնչուած շարք մը հարցերու գծով: Անդրադարձ եղաւ Լիբանանի ընտրական օրէնքի փոփոխութեան եւ նոր կառավարութեան կազմութեան մասին: Աւելի լայն կերպով ապա քննարկուեցան ՝՝Միջին Արեւելքի մակարդակին վրայ՝՝ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը կազմակերպելու կարելիութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.