2012-12-10 12:25:06

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերուն Միաբանութեան Մայրավանքի Մէջ Մշտնջենաւոր Ուխտեր Կատարեցին Երեք Կոյսեր.


Այս առթիւ Միաբանութիւնը նշեց նաեւ Քոյր Պերնատէթ Լոլէի եւ Քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի ուխտդրութեան 50-ամեայ Յոբելեանը։

Կիրակի 9 Դեկտեմբերին, Հռոմի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Մայր Տան մէջ , հայածէս ձայնաւոր ս պատարագի ընթացքին զոր մատոյց եւ օրուան պատշաճի քարոզը արտասանեց գերյարգելի Հ. Գրիգորիս Ծ Վրդ Սէրէնեան, երեք Հայ կոյսեր՝ ՝ Քոյր Մանիա, Քոյր Յովհաննա եւ Քոյր Շուշան սիրոյ լապտերը ձեռին, արտասանեցին իրենց Երրեակ Սուրբ Ուխտերը ցկեանս, խոստանալով հաւատարմութիւն իրենց կրօնաւորական վիճակին, պատարագիչ վարդապետին ու Միաաբանութեան ընդհանուր Մեծաւորուհի մայր Եւտոքսիա Քէշիշեանի ներկայութեամբ, այս առթիւ նաեւ Նոր ուխտեալ՝ Քոյր Թերեզա Հռոմի՝ Մայրավանքին մէջ, եւ Քոյր Սրբուհի Հեշտեայի մէջ (Հայաստան) իրենց Սուրբ Ուխտերը նորոգեցին մէկ տարուայ համար: Յաւարտ Ս. Պատարագին, նշելու համար քոյր Պերնատէթ Լօլէի ուխտադրութեան 50-ամեակը, պատարագիչ գերապայծառը կարդաց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան քահանայապետին օրհնութեան գիրը, շնորհաւորեց յոբելեար քոյրը մաղթելով որ նոյն սիրով ու նուիրումի հոգիով շարունակէ իր առաքելութիւնը Անարատ Յղութեան Հայր քոյրերու միաբանութեան մէջ. նշենք Կիւմրիի մէջ (Հայաստան) Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան եւս տօնեց հանդիսաւոր կերպով 50-ամեայ յոբելեանը իր անխոնջ ծառայութեան միաբանութեան մէջ, որուն նաեւ յղուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին օրհնութեան գիրը։
Մեր շնորհաւորութիւնները նուիրեալ քոյրերուն եւ աշխարհի չորս կողմերը ծառայող հայ քոյրերուն մաղթելով որ միաբանութիւնը հարստանայ նորանոր կոչումներով...
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան մը, որուն ընթացքին խօսք առնելով Լեւոնեան Ք. Հայ դպրեվանքի մեծաւորը գերյարգելի Հ Գէորգ ծ Վրդ. Նորատունկեան, իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց ու վեր առաւ Հայ կոյսերու անսակարկ նուիրումը ոչ միայն հայ օրիորդներու դաստիարակութեան համար այլեւ բազմազան ծառայութիւններուն ու նաեւ հոգեւոր եւ մտաւոր սնունդին համար որ կը ջամբեն Քոյրերը թէ Հայրենիքի մէջ եւ թէ Սփիւռքի տարածքին, շարունակելով այսպէս, Հռիփսիմեանց կոյսերուն շառաւիղը ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն հայ եկեղեցւոյ:








All the contents on this site are copyrighted ©.