2012-12-10 11:51:58

Այսօր 10 Դեկտեմբեր Մարդու Իրաւունքներու Միջազգային Օրն Է ։


Այսօր աշխարհը կը նշէ Մարդու Իրաւունքներու Օրը (Human Rights Day): 1948-ի Դեկտեմբեր 10-ին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովը կ՝ընդունէր Մարդու Իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը: Այս օրը առաջին անգամ նշուած է 1950 թուականին.:
Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը կը ներառէ քաղաքական, քաղաքացիական, ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական իրաւունքներու լայն շրջանակ: Ան արձանագրուած է Կիննեսի ցուցանիշներու գիրքին մէջ, իբրեւ աւելի քան 380 լեզուներով եւ բարբառներով թարգմանուած փաստաթուղթ, ուր կը խօսուի անոր համընդհանուր բնոյթի եւ տարածման ծաւալներու մասին:
Ամէն տարի ՄԱԿ-ը կ’ընտրէ Մարդու Իրաւունքներու Օրուան կարգախօս: 2011-ին ան ունէր «Կը յարգենք մարդու իրաւունքները» կարգախօսը: Իսկ 2012-ի կարգախօսն է` «Իմ Ձայնս Նշանակութիւն Ունի»:








All the contents on this site are copyrighted ©.