Լորեթօ - Խարուկահանդէս Ի Պատիւ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին։
Իտալիոյ Լորեթօ քաղաքին մէջ, ուր կը գտնուի Սուրբ Ընտանիքին բնակարանը, ժողովրդային աւանդութիւն
է, դեկտեմբեր 9-10 գիշերը, խարուկահանդէս կատարել մեծարելու եւ տօնախմբելու Ս. Ընտանիքի
Նազարէթի տան գալուստը Լորեթօ։ Մաչերադա-Լորեթօ ուխտագնացութեան կոմիտէն այս տարի եւս
ոտքով ուխտագնացութիւն մը կը կազմակերպէ դեկտեմբեր 9-ին որուն աւարտին խարուկահանդէս
մը տեղի կ՛ունենայ քաղաքին գլխաւոր հրապարակին վրայ։ Տօնախմբութիւնը սկիզբ կ'առնէ երեկոյեան
ժամը 5-ին հանդիսաւոր պատարագով Սուրբ Յուլիանոս եկեղեցւոյ մէջ եւ ծիսակատարութեան աւարտին
տեղի կ՛ ունենայ խարուկահանդէսը` աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ։