2012-12-07 11:33:21

Սուրբ Ամպրոզիոսի Տօնը։


Այսօր ուրբաթ 7 դեկտեմբերին Լատին եկեղեցին կը յիշատակէ Եկեղեցւոյ Վարդապետ ու Միլանոի Թեմի եպիսկոպոս Սուրբ Ամպրոզիոսի տօնը։
Սուրբ Ապրոզիոս ծնած է 339/340-ին ու մահացած 397-ին Միլանոյի մէջ։
Ան նախ քան Միլանոյի Եպիսկոպոս ըլլալը ստանձնած է կառավարական բարձր պաշտօններ։
Միլանոյի թեմի այդ ժամանակուայ եպիսկոպոսի մահէն ետք 374 թուականին Ամպրոզիոս որ ծագումով կաթողիկէ էր բայց չեր մկրտուած կ՛ընդունի մկրտութեան ու դրոշմի խորհուրդները ու ապա Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի ու կը ստանձնէ Միլանոյի Թեմի առաքելութիւնը։
Իրեն կը պարտինք նաեւ Ամպրոզիան Ծիսակատարութիւնը որ յատուկ արարողութիւն մըն է զոր Միլանոյի եկեղեցին կը կատարէ եւ որով կը վերակենդանացնէ ''փրկագործութեան խորհուրդը''։
Միլանոյի Թեմը աշխարհի ամէնամեծ Թեմն է` ունի 4.208 մեթր քառակուսի տարածութիւն, բնակչութեան թիւը՝ 5.433.389 է։ Հոն կը գործեն 2.009 թեմական քահանաներ, 836 կրօնաւորներ, եւ 119 մնայուն սարկաւագներ,1.104 ժողովրդապետութիւններու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.