2012-12-07 13:10:55

Պենետիտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
Աստուածաբանութեան Միջազգային Յանձնախումբի Անդամներուն Ունկնդրութիւն։


Ուրբաթ 7 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ''Redemptoris Mater'' մատրան մէջ մասնակցեցաւ Սուրբ Ծննդեան տօնին պատրաստողական շրջանի քարոզներու առաջին նիստին։ Քարոզը ներկայացուց` Քահանայապետական Տան քարոզիչը Հայր Րանիէրօ Քանդալամէսսան խորհրդածելով Ղուկասի աւետարանէն քաղուած ''Տիրոջ Շնորհքի տարին'' նիւթին մասին յատկապէս անդրադառնալով Հաւատոյ Տարուայ եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կրօնագիրքի մասին։ ։

Ժամը 11,00 Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Յունաստանի Նոր անուանուած դեսպան Տիար Ճէորճիոս Փաբատոբուլոսը հաւատարմագրերու ներկայացումի առիթով ու ապա ընդունեց Բէրուի հանրապետութեան դեսպան` Տիար Սէզար Քասդիլլո Րամիրէզը ու անոր կողակիցը, հրաժեշտի այցելութեան առթիւ։
Սրբազան Հայրը ապա ժամը 11,30-ին Քահանայապետներու Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Աստուածաբանութեան Միջազգային յանձնախումբի 32 անդամներուն ու անոնց ուղղեց ճառ մը որուն մէջ նախ յայտնեց իր ուրախութիւնը այս հանդիպման համար վերյիշեցնելով թէ այս տարուայ լիանիստ ժողովը գումարուած է Հաւատոյ տարուայ ծիրէն ներս։ Սրբազան հայրը ապա իր խնդակցութիւնը յայտնեց ներկաներուն Հաւատոյ Տարուայ առթիւ անոնց շարադրած պատգամին ի տես որ - ըսաւ Ան - ''ի յայտ կը դնէ թէ ինչպէս աստուածաբանները, հաւատքի ճշմարտութեան ծառայելով` հաւատարմօրէն, կրնան իրենց սատարը տալ եկեղեցւոյ աւետարանութեան նոր սլացքին''։
Պենետիկտոս ԺԶ ապա մատնանշեց պատգամի պարունակութեան ու ապա խօսեցաւ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ յարաբերութեան մասին ու այդ յարաբերութեան ձախողութեան հետեւանքին որ ''անհաւասարակշռութիւն կը յառաջացնէ մարդոց իսկ յարաբերութիւններու միջեւ''։ Աստուծոյ հետ հաշտութիւնը, Քրիստոսի ''մեր խաղաղութեան'' խաչով կատարուած, եղբայրութեան եւ միութեան հիմնաղբիւրն է - ապա հաստատեց Սրբազան Հայրը ու խօսքը եզրափակեց աղօթք բարձրացնելով Անարատ Յղութեան Սուրբ Կոյսին հայցելով անոր բարեխօսութիւնը որպէսզի Աստուծմէ ընդունի Հաւատքի ծառայելու շնորհքը ի սպաս եկեղեցւոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.