2012-12-07 11:58:16

Հայաստանի Երկրաշարժի Զոհերուն Յիշատակի Արարողութիւններ


Այսօր, (ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2012) Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժի 24րդ տարելիցն է։ Համայն Հայութիւնը Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ զանազան արարողութիւններով եւ ձեռնարկներով կը յիշատակէ 1988-ի՝ ահաւոր երկրաշարժը որ ցնցեց Հայաստանը.... ԱՄՆ.ի մէջ, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ Կլենտէյլի հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդին տնօրինումով՝ կիրակի 9 Դեկտեմբերին, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Ս. պատարագի ընթացքին, «Տէր Ողորմիա՛»ի յատուկ արարողութիւն մը պիտի կատարուի, ի յիշատակ զոհերուն:
Իսկ Հռոմի մէջ, 1988-ի՝ երկրաշարժի ԻԴ. տարելիցին առթիւ՝ Լեւոնեան Ք. Հայ վարժարանին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Լեւոնեան վարժարանի տեսչութեան, Իտալիոյ մօտ Հ Հ դեսպանութեան ու Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդին, տեղի կ՝ունենայ դասախօսական երեկոյթ մը եւ ներկայացումը, Մարիօ Մասսիմօ Սիմոնելլիի ՜՜Il lungo inverno di Spitak՝՝ (Սպիտակի երկար ձմեռը) հատորին։








All the contents on this site are copyrighted ©.