2012-12-07 12:02:31

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերուն Միաբանութեան Առաքելութիւնը...


Մեր պատմահօր Մովսէս Խորենացիի վկայութեամբ կ'աւանդուի թէ Քրիստոնեայ Հայաստանի սկզբնական շրջանին մասնաւորապէս Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ իր յաջորդներուն՝ Մեծն Ներսէս Հայրապետի ժամանակ, բազմաթիւ կուսաստաններ գոյութիւն ունեցած են Հայաստանի եւ շրջակայ գաւառներուն մէջ, ուր հաւատաւոր կոյսերու խումբեր կ'ապրէին հայեցողութեան եւ աղօթքի կեանք:
Սրբուհի Հռիփսիմեայ խումբէն՝ Ս. Մանէի եւ Ս. Նունէի օրինակին հետեւելով՝ եղած են ճգնասուն կոյսեր, որոնք անձնական կեանքով եւ թէ քարոզչութեամբ տարածած են քրիստոնէական վարդապետութիւնը:
Աւելի ուշ կը յիշուին միայնձնուհիներ, հոգետես կոյսեր կամ ժողովրդային բացատրութեամբ՝ »Տան Մայրապետներ«. սակայն վանական եւ առաքելական կեանքը միատեղ ապրող Միաբանութիւն մը, իր ներկայ հասկացողութեամբ, չէ եղած: Հետեւաբար, Հայ Ժողովուրդի պատմութեան մէջ աննախընթաց իրականութիւն մըն է Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը, որ ծնունդ առած է 19 դարու կիսուն, Պոլսոյ մէջ:
1847-ին երբ Կարտինալ Անտոն Հասուն, գործակցութեամբ Մայր Սրբուհի հաճի-Անտոնեանի, հիմը կը դնէ Հայ Քոյրերու Միաբանութեան, անոր աղօթքն ու երազն կÿըլլայ՝ կազմել Միաբանութիւն մը, որուն անդամները պատարաստ ըլլան նուիրելու իրենց կեանքը Տիրոջ եւ Հայ Մանուկի դաստիարակութեան: Այսօր, աւելի քան 165 տարիներ, սոյն Միաբա-նութիւնը կը գոյատեւէ հաստատ քայլերով եւ հաւատարիմ իր սկզբունքներուն եւ նպատակին:
Այս Դեկտեմբեր 9-ին, Հայ Քոյրերը աշխարհիս չորս ծագերուն, պիտի նշեն Անարատ Յղութեան փառապանծ Տօնը սրտի մեծ գոհունակութեամբ եւ սրտառուչ փառաբանութեամբ: Հռոմ՝ Մայր տան մատրան մէջ, տեղի պիտի ունենայ հոգեպարար արարողութիւն մը, որուն ընթացքին 3 հաւատաւոր կոյսեր՝ Քոյր Մանիա, Քոյր Յովհաննա եւ Քոյր Շուշան սիրոյ լապտերը ձեռին, պիտի յառաջանան Խորան եւ անվեհեր պիտի արտասանեն իրենց Երրեակ Սուրբ Ուխտերը ցկեանս, խոստանալով հաւատարմութիւն իրենց կրօնաւորական վիճակին, ինչպէս նաեւ Նոր ուխտեալ՝ Քոյր Թերեզա Հռոմ՝ Մայրավանք, եւ Քոյր Սրբուհի Հեշտեա, Հայաստան, իրենց Սուրբ Ուխտերը պիտի նորոգեն մէկ տարուայ համար: Այսպէս նուիրուելով Քրիստոսի սիրոյն եւ Աստուծոյ Այգիի մէջ աշխատելու առաքելութեան, անոնք կը շարունակեն Հռիփսիմեանց շառաւիղը եւ նոր աւիշ կը բերեն ՄԻաբանութեան:
Մեր ջերմ շնորհաւորութիւններն ու խնդակցութիւնները Հայ Քոյրերուն եւ Անարատ Յղութեան Միաբանութեան: Տէրը հաստատ պահէ զիրենք իրենց կոչման մէջ, որպէսզի շարունակեն իրենց աստուածավայել վսեմ գործը, ի սպաս Հայ Մանուկի դաստիարակութեան եւ ի փառս Աստուծոյ:








All the contents on this site are copyrighted ©.