2012-12-07 13:16:57

«Սուրիական Իշխանութիւններու Կողմէ Քիմիական Զէնքերու Օգտագործման Հաւանականութեան Նկատմամբ Մտահոգ Ենք» Կ՝ըսէ Պան Քի Մուն ։


Պան Քի Մուն Պաղտատի մէջ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին սուրիական վարչակարգը զգուշացուց այդ քայլին դիմելէ` յայտնելով, որ այդ պարագային անիկա դատական հետապնդումի պիտի ենթարկուի:
Պան Քի Մուն չորեքշաբթի օր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի նամակ մը յղելով յայտնած էր, որ քիմիական զէնքեր օգտագործելը «պիտի ըլլայ բացայայտ ոճիր մը, որ քանդիչ հետեւանքներ պիտի ունենայ՝՝ ։ Ան ամիսներ առաջ նոյն բովանդակութեամբ այլ նամակ մը յղած էր:
Ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական վարչակարգը օդուժի կողմէ արձակուելիք հրթիռները օժտած է ջիղերուն ազդող մահաբեր կազով:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ սուրիական բանակը այդ հրթիռներով ընդդիմադիրներու կեդրոնները հարուածելու համար նախագահ Ասատի վերջնական հրամանին կը սպասէ:
Մինչ այդ, Գերմանիոյ կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռներ եւ զինուորներ Թուրքիա ուղարկելու առնչութեամբ։ :
Իսկ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտնեց, որ «սուրիական իշխանութիւնները պիտի չդիմեն այդ քայլին, եւ չենք կրնար քիմիական զէնքերը քաղաքայիններուն դէմ օգտագործել, նոյնիսկ եթէ Սուրիա այդ զէնքերը ունի»:
Երէկ ականի մը պայթումը ցնցեց Դամասկոսի մէջ Կարմիր Մահիկի կեդրոնատեղին: Դամասկոսի Ղութա Շարքիա շրջանին մէջ կառավարական ուժերու եւ զինեալ ընդդիմութեան միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցան: Բանակը դադրեցուց շրջանին մէջ օդուժի օգտագործումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.