2012-12-07 12:33:54

EgittoՆախագահ Մուրսի Քաղաքական Բոլոր Կողմերը Հրաւիրեց Երկխօսութեան ։ Բայց Եւ Այնպէս Ցոյցերը Չեն Դադրիր։


Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի երէկ գիշեր ժողովուրդին յղեց պատկերասփռուած ուղերձ մը, որուն մէջ յայտնեց, որ պէտք է բոլորս յարգենք ժողովուրդին կամքը, զոր զայրացած հաւաքներն ու բռնարարքները չեն արտայայտեր… երբեք պիտի չարտօնեմ, որ մէկը սպանութեան կամ խափանարարութեան ճամբով քաղաքացիները ահաբեկէ»:
Ան ըսաւ, որ բողոքի ցոյցերուն ընթացքին զէնք օգտագործողներէն ոմանք վարձկաններ են եւ կապեր ունին քաղաքական ուժերու հետ` աւելցնելով, որ զանոնք ֆինանսաւորողները, ըլլան անոնք ներքին կամ արտասահմանէն, հաշուետուութեան պիտի կանչուին: Ան նշեց, որ «վերջին իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ սահմանադրական փաստաթուղթը յայտարարելուս պատճառները եւ պայմանները ի զօրու են… ժողովուրդին նկատմամբ իմ պարտաւորութիւնս զիս մղեց սահմանադրական փաստաթուղթը յայտարարելու եւ այդ պարտաւորութիւնը միշտ պիտի կատարեմ, ինչ որ ալ ըլլան ճնշումները»:
Նախագահ Մուրսի բոլոր կողմերը շաբաթ օր ժամը 12:30-ին հրաւիրեց նախագահական պալատին մէջ երկխօսութեան: «Եթէ հանրաքուէի ժամանակ ժողովուրդը սահմանադրութեան նախագիծը մերժէ, կոչ պիտի ուղղեմ սահմանադրութեան բանաձեւման նշանակովի կամ ընտրովի նոր Մարմինի մը կազմութեան» ըսաւ նախագահ Մուրսի:
Եգիպտական բանակը երէկ առաւօտեան Գահիրէի մէջ նախագահական պալատին շուրջ հրասայլեր, զրահապատ մեքենաներ տեղակայեց եւ փշաթելերով եւ պողպատեայ արգելքներով փակեց նախագահական պալատ տանող ճամբան: Նախագահական պահակագունդի հրամանատարը յայտնեց, որ ուժերը տեղակայուած են նախագահ Մոհամետ Մուրսիի համակիրներն ու ընդդիմադիրները իրարմէ անջատելու համար:
Իսկ Իսլամ եղբայրները չեղեալ յայտարարեցին այսօր Գահիրէի, Աղեքսանդրիոյ եւ Ասիութի մէջ նախատեսուած «Առ ի զօրակցութիւն իսլամական օրէնքի» նշանաբանին տակ տեղի ունենալիք հանրահաւաքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.