Սուրիոյ Կառավարական Զօրքերը Ընդդիմադիր Զինեալները Դուրս Մղած՝Դամասկոսի Արուարձաններէն։
Քլինթըն-Լավրով-Պրահիմի -ի Հանդիպում Այսօր Տուպլինի ՄԷջ։
Սուրիոյ Կառավարական Զօրքերը դուրս մղած են ընդդիմադիր զինեալները Դամասկոսի Տարաա եւ
Աքրապա արուարձաններէն: Այս մասին կը հաղորդէ ԻԹԱՐ ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը,
յղում ընելով արաբական «Ալ Ութան» լրատուական ծառայութեան : Լրատուական գործակալութեան
հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն` այս քայլով կառավարական ուժերը արգելք եղած են
զինեալները Դամասկոսի թաղամասերուն եւ դէպի օդակայան տանող մայրուղիի վրայ հարուածներ
իրականացնելու հնարաւորութենէն: Ըստ զինուորական որոշ աղբիւրներու` Դամասկոսի քանի մը
շրջաններու մէջ շրջապատուած եւ ոչնչացուած են «Ալ Քայիտա»-ի գրոհայիններու խմբաւորումներ,
սպաննուած են տասնեակ ահաբեկիչ-վարձկաններ: Իսկ այսօր յետ միջօրէին Տուպլինի մէջ
հանդիպում կ՝ունենան Հիլարի Քլինթըն,Սերկէյ Լավրով եւ Սուրիոյ համար Միջազգային Միջնորդ
Լաքտար Պրահիմի,խօսելու համար Սուրիոյ մասին։