2012-12-06 12:00:43

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Հինգշաբթի 6 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Դաշնակցային Գերմանիոյ Հանրապետութեան նախագահ` Տիար Ժագիմ Կոխ ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Ժամը 11,45-ին Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Մատրիտի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Րաուքո Վարէլային որմէ ետք ընդունեց Զվիցերիոյ եւ Լիէքշդայնի Իշխանութեան առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Տիէկօ Գաուզէրօն։

Յայտնենք թէ այսօր Վատիկան կը ժամանէ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ զետեղուելիք Սուրբ Ծննդեան տօնածառը` որ նուէրն է Իտալիոյ Պազիլիքաթա Մարզին։ 24 մեթր բարձրութիւն ունեցող այս Եղեւին, 30 մեթր երկարութիւն ունեցող ծանր բեռնակառքի մը միջոցաւ, ոստիկանութեան ընկերակցութեամբ կը հասնի Սուրբ Պետրոսի Հրապարակը ուր յետ յարդարանքի ու զարդատանգի յառաջիկայ 14 դեկտեմբերի յետ միջօրէին յատուկ արարողութեամբ պիտի լուսաւորուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.