2012-12-06 12:36:46

ՈՒՆԵՍՔՕն Հաստատեց «Սասունցի Դաւիթ»ը Իբրեւ Համամարդկային Մշակութային Արժէք.


Հայկական «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպը ներառուած է մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի փոխնախարար Արթուր Պօղոսեան յայտնած է. «Մեր էպոսը ճանաչուել է որպէս համամարդկային մշակութային արժէք»:
Հարցը քննարկուած է ՈՒՆԵՍՔՕի յանձնաժողովի 4 Դեկտեմբերի՝ Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով միջկառավարական կոմիտէի նիստին: Հայաստանի համար այս մէկը շատ մեծ նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն ունի:
Փոխնախարարը «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախապէս նշած էր, որ ՈՒՆԵՍՔՕի ոչ նիւթական ժառանգութեան պահպանութեան առնչուող ուխտը արդէն վաղուց դարձած է ՈՒՆԵՍՔՕի քաղաքական հարթակ:
«Սասունցի Դաւիթ էպոսի հնարաւոր ընդգրկումը ցանկերում կարեւոր է եւ քաղաքական, եւ մշակութային տեսակէտից: Առաւօտեան նիստում հարցի քննարկումից յետոյ հնարաւոր կը լինի տեսնել, թէ ինչ զարգացումներ կը լինեն», յայտնած է փոխնախարարը:
Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով միջկառավարական կոմիտէի նիստին քննարկուած են շուրջ 60 դիմումներ ՝ Կոմիտէի Ցանկին մէջ ներառելու համար:
Կոմիտէի եօթերորդ նիստը տեղի կ՛ունենայ 3-7 Դեկտեմբեր Փարիզի ՈՒՆԵՍՔՕի կեդրոնական գրասենեակին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.