2012-12-06 12:10:25

ԵՈՒՆԻՍԷՖի Համաձայն, Հայաստանի Հաշմանդամ Մանուկներուն 65 Տոկոսը Նաեւ Չքաւորութեան Մէջ Կ՝ապրի։


Հայաստանի մէջ հաշմանդամ երեխաներուն 65 տոկոսը աղքատութեան սահմանագծին վրայ կը գտնուին: Այս տեղեկութիւնը նշուած է Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖի գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ, որ 3 Դեկտեմբերին ներկայացուած է մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Հաղորդագրութեան համաձայն, Հայաստանի մէջ հաշմանդամ երեխաներուն թիւը կրնայ իրականութենէն նուազ ներկայացուած ըլլալ: Ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան, Հայաստանի մէջ երեխաներուն 1 տոկոսը հաշմանդամ է (ութ հազար անձ): Սակայն ԵՈՒՆԻՍԵՖի ցուցանիշով այդ թիւը 2.5 տոկոս է: Այս կը նշանակէ, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, Հայաստանի մէջ կայ շուրջ 12 հազար հաշմանդամ երեխայ, որոնք պաշտօնապէս արձանագրուած չեն: Այս երեւոյթին պատճառները բազմազան են. կրնայ ըլլալ, որ մանուկին ծնողքը կամ ընտանիքը դիմում չէ ներկայացուցած՝ երեխայի հաշմանդամութեան կարգ ստանալու համար:
Երեխաներուն 65 տոկոսը կ՛ապրի աղքատութեան մէջ կամ օրական շուրջ երեք տոլարով (Հայաստանի մէջ աղքատութեան շեմը կը կազմէ ամսական 97.1 տոլար՝ մէկ հոգիի համար): Երեխաներուն 8 տոկոսը կ՛ապրի ծայրայեղ աղքատութեան մէջ կամ ալ օրական երկու տոլարէն նուազ ծախսով (Հայաստանի մէջ ծայրայեղ աղքատութեան շեմը ամսական 57.2 տոլար է): Նման տուեալներ կան Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան 2012ի Հայաստանի ընկերային վիճակի եւ աղքատութեան վերաբերեալ զեկոյցին մէջ:
Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու փոխնախարար Ջեմմա Բաղդասարեան նշած է, որ երեխայի հաշմանդամութեան նպաստը կը կազմէ ամսական 18.2 հազար դրամ, երեխաներուն ընտանիքներուն մեծամասնութիւնը կը ստանայ նաեւ ընտանեկան անապահովութեան նպաստներ: Բացի անկէ, մինչեւ տասը տարեկան հաշմանդամ երեխայի դաստիարակութիւնը կը նկատուին աշխատանքային փորձ:










All the contents on this site are copyrighted ©.