2012-12-06 12:30:02

Եգիպտոսի Մէջ Բախումներու Հաշուէկշիռը՝ 7 Մեռեալներ, շուրջ 350 վիրաւորներ եւ 305 Ձերբակալուածներ։


Եգիպտոսի մէջ ընդդիմադիրներու եւ նախագահ Մուհամմատ Մուրսիի կողմնակիցներու ՝՝Իսլամական եղբայրներու՝՝ միջեւ բախումներու հետեւանք մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ զոհերուն թիւը հասած է 7-ի, իսկ վիրաւորներունը`350-ի։
Եգիպտոսի մէջ Դեկտեմբեր 5-ի երեկոյեան նախագահական նստավայրին առջեւ նոր հանրահաւաք մը կազմակերպուած էր թէ՛ընդդիմադիրներու, եւ թէ՛ նախագահի կողմնակիցներու կողմէ: Բախումներու ընթացքին կողմերը նաեւ կրակ բացած էին իրարու ուղղութեամբ: Բախումները կողմերու միջեւ սկսած են գիշերը ժամը 01:00-էն եւ շարունակուած մինչեւ առաւօտեան ժամը 05:00: Անվտանգութեան ուժերը չեն յաջողած կարգուկանոն հաստատել նախագահական նստավայրին մերձակայքին:
Նախագահական նստավայրէն տեղեկացուցած են, որ նախագահ Մուհամմատ Մուրսի Դեկտեմբեր 6-ին հանդէս պիտի գայ կարեւոր ելոյթով մը :
Միւս կողմէ այսօր իր հրաժարականը տուաւ Եգիպտոսի Պետական Հեռուստակայանի Նախագահը Էսսամ Էլ Ամիր որպէս ՝՝բողոք՝՝ երկրի ղեկավարումին դէմ։
Բողոքի ցոյցերը սկսան մօտ երկու շաբաթ առաջ, երբ Մուհամմատ Մուրսի հրապարակեց Սահմանադրական նոր Հռչակագիրը , ըստ որուն ՝ զգալիօրէն ընդլայնուած էին Մուրսիի իրաւասութիւնները : Ցուցարարները կը պահանջեն չեղեալ համարել Հռչակագիրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.