2012-12-06 15:16:26

Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքներու Ժողովի Աւարտին՝ Ցաւակցագիր Հազիմ Պատրիարքի Վախճանման Առթիւ


Չորեքշաբթի 5 դեկտեմբեր 2012-ին, Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքները եւ եպիսկոպոսները, որոնք իրենց երկրորդ համաժողովը կը գումարեն Հարիսայի Պեթանիա կեդրոնին մէջ, ցաւակցական ուղերձ մը յղեցին յոյն ուղղափառ Եկեղեցւոյ Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքի մահուան առթիւ։ Անոնք նամակին մէջ իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն երջանկայիշատակ Հազիմ պատրիարքի վախճանման համար, հաստատելով թէ Եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ հաղորդութեան ու վկայութեան առաքելութիւն ունի։ Համաժողովին հայրերը իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին նաեւ յոյն ուղղափառ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին եւ հաւատացեալներուն, վերյիշելով որ հանգուցեալ պատրիարքը օրինակելի հովիւի իմաստուն տիպարով եւ նուիրական ոգիով առաջնորդեց իր Եկեղեցին։ Անոնք վերջապէս նամակին մէջ կ՛աղօթեն առ Աստուած, որ հանգուցեալին հոգին հանգչի երկնային արքայութեան մէջ։
Այս առթիւ կը յիշենք նաեւ, որ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը ցաւակցական խօսք մը ուղղեց յոյն ուղղափառ Եկեղեցւոյ հայրապետներուն, «Télé Lumière» կայանէն ելոյթի մը ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.