2012-12-06 12:39:24

Ամերիկահայ Երկու Ընտանիքներ Աքեանները եւ Քապլանեանները Աւելի Քան 250.000 Տոլար Կը Նուիրեն Սուրիահայ Ուսանողներու Համար։


Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը կը տեղեկացնէ, թէ Սոնիա եւ Զաւէն Աքեանները (Աքեան ընտանիքի հիմնադրամ) ու Ռիթա եւ Էտըմ Քապլանեանները յաջորդաբար 125,000 ու 132,000 տոլար տրամադրած են Հայաստան ապաստանած սուրիահայ ուսանողներու կրթաթոշակներուն ծախսերը ապահովելու համար:
Արդէն իսկ մօտաւորապէս 80 նման ուսանողներ ձրիաբար ընդունուած են համալսարան, այս բարերարներուն օժանդակութեանց շնորհիւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.