2012-12-05 14:56:34

Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Զմմառու Մէջ։


Կիրակի 9 Դեկտեմբերին առաւօտեան (ժամը 10.30-ին) , Զմմառու Տիրամօր Վանքին մէջ, Արհի. Յովհաննէս Եպ. Թէյրուզեան՝ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքի օգնական եպիսկոպոսը, Հայածէս Ձայնաւոր Ս Պատարագի ընթացքին, Սարկաւագ պիտի ձեռնադրէ կիսասարկաւագ Ղազար Պետրոսեանը (Զմմառու Միաբանութենէն)։
Ռատիովատիկանի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը իր բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած որպէսզի ան շուտով հասնի քահանայութեան, ծառայելու Քրիստոսի եկեղեցւոյ ու հայ ազգի զաւակներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.