2012-12-05 13:51:54

ԱՄՆ-ի Քոնկրէսական Ատամ Շիֆ Կը Պահանջէ դադրեցնել Ատրպէյճանի Ռազմական Օժանդակութիւնը։


ԱՄՆ-ի Քոնկրէսական Ատամ Շիֆը նամակ մը յղած է Ներկայացուցիչներու Պալատին եւ Ծիրակոյտի Արտաքին յատկացումներու Յանձնախումբերու Նախագահներուն եւ Անդամներուն` կոչ ընելով կասեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օգնութիւնը։ (Այս մասին կը հաղորդէ ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը) :
Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յայտարարած է, որ Հայ Դատը եւս իր ձայնը կը միացնէ Շիֆի կոչին, որպէսզի ամերիկացի քաղաքացիներէն գանձուած տուրքերը չտրամադրուին Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան սպառնացող եւ մարդասպաններ հերոսացնող Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն:
Իր նամակին մէջ Ատամ Շիֆ եւս անդրադաձած է Ռամիլ Սաֆարովը հերոսացնելու տխուր դէպքին , անիկա «արդարութեան ահաւոր ոտնահարում» համարելով:
«Բացայայտ է, որ Ատրպէյճանի զինուժը հզօրացնելու նպատակով մեր ներդրումները աւելի վատ արարք են, քան մսխումը»(գրած է քոնկրէսականը) աւելցնելելով, որ Ատրպէյճանի քայլերը կը սպառնան տարածաշրջանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու` միջազգային ջանքերուն:
«Ատրպէյճանի համար ամերիկեան օժանդակութիւնը արժէքաւոր է ոչ թէ, որովհետեւ նիւթական օժանդակութեան կարիք ունի (Պաքուն ակնյայտօրէն ատոր կարիքը չունի), այլ որովհետեւ ատիկա ԱՄՆ-ի հետ որոշ մօտիկութիւն կը խորհրդանշէ: Ատրպէյճանին տրամադրուելիք ռազմական օժանդակութիւնը կասեցնելով` ԱՄՆ-ն ցոյց պիտի տայ, որ Սաֆարովի հերոսացումը Ամերիկայի համար զզուելի արարք է, միաժամանակ, Պաքուին կը փոխանցէ այն պատգամը, որ Հայաստանի կամ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ատրպէյճանական որեւէ բռնարարք ընդունելի չէ Ուաշինկթընի համար»,( գրած է քոնկրէսականը) :








All the contents on this site are copyrighted ©.